Այսօր երեկոյեան ժամը 21:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը սկսի աղջկանց պասքեթպոլի աւարտականներու առաջին ճակատումը, ուր կը մրցի Ռիատիի դէմ:
Ռիատի անցեալ երկու տարիներու ախոյեանն է եւ բաւական լաւ խումբ մըն է մանաւանդ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբի մարզիկ Ռեպեքքա Աքըլի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Նիկերիոյ ազգային խումբի սենթըր Պլեսինկ Էճիոֆորի եւ ամերիկացի Իթալի Լուքասի հետ, որ աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կը ներկայացնէ Անկոլայի ազգային խումբը:
Անշուշտ Ռիատի ունի նաեւ Նուր Լապպանը, Շերին Շրէյֆը, Մարիա Ղալեպը, Մէյկըն Նաասանը, Նարինէ Կէօքճեանը, Պարաքաթ քոյրերը` Լարան եւ Նայան, եւ Լարա Նաքիպը:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր կարգին ունի մեծ թիւով փայլուն մարզիկներ, բայց ոեւէ մէկուն չէ վստահած, այլ խմբային խաղարկութեան եւ մարզիչ Ճօ Մոժահեսի ցուցմունքներով կազմակերպուած պասքեթպոլին:
Եթէ տարեշրջանի սկիզբէն նայինք ամէն մրցումի, մարզիկները տարբեր ձեւերով կը փայլին: Եթէ մարզիկ մը 3 կէտնոց կողով չկարենայ նշանակել, այլ մարզիկ մը կը յաջողի կամ ռիպաունտներու պարագային ամէն մրցումի առնուազն 2 մարզիկ 10-է աւելի ռիպաունտ ձեռք կը բերէ:
Բայց այժմ փայլիլը կարեւոր չէ, կարեւորը խմբային յաջողութիւնն է: Այսօր Մեղրի Թորոսեան, Ամար Մանսուր, Փերլա Պու Նասր, Ռիմ Ղալի, Կապի Սաատ, Ալիք Թապաքեան, Էլիսա Ապու Ժաուտէ, Անիելա Հաւանճեան, Ալիք Քէշիշեան եւ Թալա Շամմա, ամերիկացիներ Քրիսթին Անիկուէի եւ Ալեքսիս Փրինսի հետ իրենց առաւելագոյնը պիտի տան կրկնելու տակաւին երկու շաբաթ առաջուան յաղթանակը Ռիատիի վրայ: Բնական ախոյեանութեան երթի մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 77-80 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Ռիատիէն, բայց 2 յունիսին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները հերոսացան եւ 86-94 արդիւնքով յաղթեցին Ռիատիին` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Այսօր ալ նոյն բանը կրնանք ընել եւ պէտք է ընենք, մանաւանդ օգտուելով ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն, որոնք ոչ մէկ պատճառ ունին բացակայելու այս մրցումէն:
Համակիրները շատ կարեւոր են եւ պէտք է խիտ շարքերով, շեփորախումբին հետ քաջալերեն ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը, որ 2018-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մեծ յոյսեր ունի ախոյեան դառնալու: