Նախիջեւանի Մէջ Սկսած Է «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» Փառատօնը

Նախիջեւանի Օրտուպատ քաղաքին մէջ սկսած է «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» 3-րդ փառատօն-խորհրդաժողովը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական «Ազերթաճ» լրատու գործակալութիւնը:

Խորհրդաժողովի կազմակերպիչներու շարքին են Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ Ազրպէյճանի նախագահի լիազօր ներկայացուցիչի գրասենեակը, Ազրպէյճանի գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութիւնը եւ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք» կազմակերպութիւնը:

«Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» խորհրդաժողովը սկսած է մէկ վայրկեան լռութեամբ` ի յիշատակ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի:

Leave a Comment