Թրամփ. «Նեթանիահու Պատերազմի Կարգ Մը Երեսներուն Մէջ Տարբեր Նպատակներ Ունէր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատերազմի կարգ մը երեսներուն վերաբերեալ այլ նպատակներ ունէր, որովհետեւ Իսրայէլը Իրանին աւելի մօտ է»:

«Նեթանիահու հոյակապ անձ է, սակայն երբեմն պէտք եղածէն աւելի առջեւ կը նետուի», նշեց ան:

Թրամփ հինգշաբթի Իրանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրելէն առաջ յայտարարեց. «Եթէ այլ պետութիւններ հեռահաս հրթիռներ ունին, արդար չէ, որ Իրան որեւէ հեռահաս հրթիռ չունենայ»:

Leave a Comment