2026-ի Մոնտիալի 7-րդ օրուան մրցումներուն, թեկնածու Փորթուգալ լաւ ձեւով սկսելէ ետք Քոնկոյի դէմ մրցումը, Ժոաօ Նեւեշի կոլէն ետք չկրցաւ նոյն ձեւով շարունակել:
Ճիշդ է, որ Փորթուգալ Մոնտիալի լաւագոյն միջնապահ գիծը ունէր, բայց գնդակին տիրապետելը շատ անգամ անիմաստ կ՛ըլլայ, երբ այս կարեւոր գիծը բաւարար առիթ չի ստեղծեր յառաջապահներուն:
Քոնկօ լաւ ձեւով պաշտպանուեցաւ եւ հակայարձակումներու վստահելով Փորթուգալէն ալ աւելի վտանգաւոր էր: Եոան Ուիսա (Նիւքեսըլ) գլխու հարուածով նշանակեց Քոնկոյի կոլը: Քոնկոն նախապէս մասնակցած էր 1974-ի մոնտիալին, երբ տակաւին Զայիր կը կոչուէր:
Մրցումին վիճակը եւ արդիւնքը չփոխուեցան, եւ այս ձեւով Քոնկօ Մոնտիալի պատմութեան առաջին կէտը ձեռք ձգեց` արձանագրելով անակնկալ մը, որուն նմանը քանի մը օր առաջ Քափէ Վերտէ արձանագրած էր Սպանիոյ դէմ մրցումին:
Յաջորդ մրցումին, Անգլիա բաւական գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերեց եւ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Խրուաթիան:
Հերի Քէյն (2), Ճուտ Պելինկհամ եւ Մարքուս Ռաշֆորտ նշանակեցին Անգլիոյ կոլերը, մինչ Մարթին Պաթուրինա եւ Փեթար Մուսա նշանակեցին Խրուաթիոյ կոլերը, վերջինս 2-2 արդիւնքով աւարտած էր առաջին կիսախաղը:
Հերի Քէյն ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը: Յաջորդ մրցումին, Կանա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փանաման` շնորհիւ Քէյլեպ Եիրենքիի կոլին 95-րդ վայրկեանին, մրցումի մը, ուր Փանամա աւելի կոլի առիթներ ստեղծեց:
Առաւօտեան ժամերուն Քոլոմպիա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուզպեքիստանի «սպիտակ գայլեր»-ը:
Իր մասնակցած առաջին Մոնտիալին, Ուզպեքիստան բաւական պայքարեցաւ Քոլոմպիոյ դէմ, որ Մեքսիքայի «Ազթեք» դաշտին վրայ կրցաւ 2 կոլ նշանակել` Ուզպեքիստանի հաւասարութեան կոլէն ետք:
Պայերն Միւնիխի ձախ ծայրի յառաջապահ Լուիս Տիաս նշանակեց Քոլոմպիոյ 2-րդ կոլը` առաջին կոլին փոխանցումն ալ կատարելով, եւ ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը:
Հետաքրքրական է, որ Պայերն Միւնիխի յառաջապահ եռեակը` Տիաս, Քէյն եւ Մայքըլ Օլիսէ, ընտրուած էին իբրեւ իրենց ազգային խումբերու առաջին մրցումներուն լաւագոյն մարզիկները: Օլիսէ ընտրուած էր Ֆրանսա – Սենեկալ (3-1) մրցումին լաւագոյն մարզիկը:
Այսօր գիշեր ժամը 22:00-ին, Միացեալ Նահանգներ պիտի մրցի Աւստրալիոյ դէմ, կէս գիշերէն ետք ժամը 1:00-ին Սկովտիա` Մարոքի դէմ, իսկ ժամը 3:30-ին Պրազիլ` Հայիթիի դէմ:
Առաւօտեան ժամը 6:00-ին (վաղը) Թուրքիա պիտի մրցի Փարակուէյի դէմ: