Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխըմբռնման Յուշագիրը Նախաստորագրուեցաւ. Ստորագրութեան Արարողութիւնը` 21 Յունիսին

Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի սկիզբէն 108 օր ետք, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ համաձայնութեան ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 21 յունիսին, Զուիցերիոյ մէջ:

Ան կիրակի-երկուշաբթի ուշ գիշերին «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, թէ երկու կողմերը բոլոր ճակատներու, ներառեալ Լիբանանի մէջ գործողութիւններու անմիջական եւ տեւական դադրեցում կը յայտարարեն:

«Համաձայնութիւնը ուժի մէջ մտնելէն ետք միջնորդները աշխատանք պիտի տանին այս շաբաթ շարք մը ժողովներ դիւրացնելու», յայտնեց Շարիֆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանի հետ մեծ համաձայնութիւնը ամբողջ շրջանին խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն պիտի բերէ»:

«Շարք մը նախագահներ փորձեցին Իրանի հետ խաղաղութիւն հաստատել, սակայն ինձմէ առաջ բոլորն ալ ձախողեցան: Շրջանի ղեկավարները առաջին անգամ ըլլալով գտան նախագահ մը, որ կրնայ իսկական խաղաղութեան հաստատման մէջ իրենց օգնել», ըսաւ ան:

Փաստաթուղթին ծանօթացած պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ անիկա բոլոր ճակատներուն, ներառեալ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցում եւ Հորմուզի նեղուցի անմիջապէս բացում կը պարտադրէ:

Պաշտօնատարները ըսած են, որ Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս պիտի սկսին իրանեան նաւահանգիստներու շրջափակումը վերցնել, Իրանի` Հորմուզի նեղուցին մէջ իր զետեղած ականներու վերացման դիմաց:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ամերիկացի պաշտօնատարները մտահոգուած են, որ կիրակի կանուխ ժամերուն Իրանի հետ համաձայնութիւնը կրնայ տապալիլ Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով: Այդ յարձակումները պատճառ դարձած են, որ քուլիսներու ետին արագ քայլեր կատարուին` պահպանելու համար համաձայնութիւնը եւ Թեհրանի պաշտօնական հաւանութիւնը ստանալու համար:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին հերքեց իրանեան պնդումները, թէ  60-օրեայ բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ Իրան առանց նախապայմանի իր սառեցուած գումարներէն 12 միլիառ տոլար պիտի ստանայ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը կայքին ըսաւ, որ Թեհրանի հետ համաձայնութիւնը հիմնուած է վարմունքի եւ համաձայնութեան փոխադարձ յարգումի դիմաց վճարում սկզբունքին վրայ, եւ որեւէ սառեցուած գումար պիտի չապասառեցուի, առանց որ իրանցիները իրենց խոստումները յարգեն:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնած են, որ համաձայնութիւնը հոլովոյթ մըն է, որ վերջաւորութեան իրանեան հիւլէական ծրագիրի կազմաքանդման պիտի առաջնորդէ:

Դիւանագէտ մը օրաթերթին աւելցուցած է. «Մեծագոյն սխալը կարծելն է, թէ ասիկա վերջնական համաձայնութիւն է»:

Ան շեշտած է, որ խօսքը երբեք Իրանի «ամբողջական անձնատուութեան» մասին չէ եղած, եւ Ուաշինկթըն ատոր կը գիտակցի:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է իր եգիպտացի, իրաքցի եւ թուրք պաշտօնակիցներուն եւ գնահատած անոնց ջանքերը:

Արաղչի իր զրոյցներուն ընթացքին նշած է համաձայնութեան գործադրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու պատասխանատուութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի բոլոր յարձակումները դադրին:

Իրանի, Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները նաեւ ընդգծած են շրջանային զարգացումներուն շուրջ խորհրդակցութիւնն ու սերտ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման համար դիւանագիտական ջանքերը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ յայտարարեց. «Համակարգումէ ետք որոշեցինք Ամերիկայի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրել յառաջիկայ ուրբաթ օր»:

ԹրամփՆեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ կիրակի օր տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որ լարուած մթնոլորտի մէջ կատարուած է:

Իսրայէլեան աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ Նեթանիահու Թրամփին ըսած է, թէ Իսրայէլ ինքզինք համաձայնութեան Լիբանանին վերաբերող կէտին վերաբերեալ յանձնառութեան տակ չի նկատեր` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը լիբանանեան հողերէն պիտի չհեռանայ եւ պիտի շարունակէ ներկայիս իր գրաւած դիրքերուն վրայ մնալ:

Օրաթերթը նաեւ նշեց, որ Նեթանիահու կը ջանայ Թրամփի Եւրոպայի մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի ժողովէն վերադառնալէն ետք անոր հետ հանդիպում մը դասաւորել:

Իսրայէլեան աղբիւր մը «Մաարիւ»-ին յայտնեց, որ Թրամփ իրողապէս սահմանափակեց Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործելու ազատութիւնը:

Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլի վարչապետը Միացեալ Նահանգներու նախագահին ըսած է, թէ Իսրայէլ ինքզինք Իրանի հետ համաձայնութեան մէջ Լիբանանի վերաբերեալ կէտին յանձնառու չի նկատեր, իսրայէլեան բանակը լիբանանեան հողերուն մէջ իր դիրքերէն պիտի չհեռանայ, եւ պիտի շարունակէ կատարել գործողութիւններ, որոնց նպատակը Հըզպալլայի ներկայացուցած սպառնալիքի վնասազերծումն է` անկախ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութեան բովանդակած փոխըմբռնումներէն:

«Սի.Էն.Էն.», մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ Թրամփ չափազանց զայրացած էր Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումներէն, եւ Նեթանիահուի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին գռեհիկ արտայայտութիւններ ունեցած էր:

Պաշտօնատարներ նաեւ նշած են, որ իսրայէլեան յարձակումները նպաստած են վերջնական բանակցութիւնները յառաջ մղելու:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Նեթանիահուի հետ կ՛որդեգրեմ յստակ քաղաքականութիւն մը, որուն համաձայն, բանակը պիտի մնայ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի ապահովական շրջաններուն մէջ»:

«Իսրայէլեան բանակի Լիբանանէն հեռացումը կը մերժենք, հակառակ ներկայ եւ ապագայ բոլոր ճնշումներուն», ըսաւ ան:

«Եթէ Իրան Լիբանանի դէպքերուն համար Իսրայէլի վրայ յարձակում գործէ, ամբողջ ուժով անոր վրայ պիտի յարձակինք», նշեց Քաց:

Իսրայէլեան Քննադատութիւններ

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր «Էքս»-ի վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Թրամփի համաձայնութիւնը մեզ որեւէ պարտաւորութեան տակ չի դներ:

«Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն ենթակայ չէ: Մենք անկախ եւ գերիշխան պետութիւն ենք», ըսաւ ան:

«Ամէն անգամ, որ Իսրայէլի անվտանգութեան հաշուոյն միջազգային ճնշումին առջեւ զիջեցանք, արեան սուղ գին վճարեցինք», յայտնեց նախարարը:

«Մենք կը սիրենք Միացեալ Նահանգները եւ երախտապարտ ենք նախագահ Թրամփին, բայց եւ այնպէս Իսրայէլի պետութիւնը պանանի հանրապետութիւն չէ», նշեց ան:

«Մասնակից չենք այս համաձայնութեան, որ մեր անվտանգութիւնը չ՛երաշխաւորեր եւ որեւէ ձեւով մեզ յանձնառութեան տակ չի դներ», յայտնեց Պեն Ղաֆիր:

«Չենք կրնար Հըզպալլայի կազմաքանդումէն նուազ բան ընդունիլ, չենք կրնար մեր զինուորներուն գրաւած եւ ահաբեկչական ենթակառոյցէ մաքրած որեւէ շրջանէ նահանջել», ըսաւ ան:

«Պէտք է շատ յստակ դարձնենք, որ Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարքերով կամ հրթիռներով որեւէ արձակում Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումի պիտի յանգեցնէ», շեշտեց Պեն Ղաֆիր:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ իր կարգին «Էսք»-ի վրայ գրեց. «Իրանի հետ համաձայնութիւնը Իսրայէլի եւ ամբողջ ազատ աշխարհին համար վատ է»:

«Պէտք է առանձին շարունակենք (իրանեան) վարչակարգը տապալելու արշաւը`  երաշխաւորելու համար, որ անիկա երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ», ըսաւ ան:

«Պիտի շարունակեմ աշխատիլ Հըզպալլան հեռացնելու նպատակով Լիբանանի մէջ բանակի զինուորական գործունէութեան ազատութիւն ապահովելու համար», նշեց Սմոթրիչ:

Ժողովրդավարներու կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Կոլան ըսաւ. «Ասիկա Իսրայէլի համար դժուար օր է, եւ համաձայնութիւնը մեզմէ անկախ կնքուեցաւ: Համաձայնութիւնը կը ջնջէ իսրայէլեան բանակին Իրանի մէջ իրագործած զինուորական մեծ ձեռքբերումները:

«Նախագահ Թրամփ կը կնքէ համաձայնութիւն մը, որ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները կը վերցնէ եւ կը պահպանէ հիւլէական կառոյցներն ու հեռահար հրթիռներու սպառնալիքը», յայտնեց ան:

«Նեթանիահուն Իսրայէլի պատմութեան մէջ ռազմավարական մեծագոյն ձախողութեան հայրը դարձաւ», յայտարարեց Կոլան` աւելցնելով. «Նեթանիահուն փոխելը պարզապէս քաղաքական անհրաժեշտութիւն չէ, այլ` ապահովական գոյութենական անհրաժեշտութիւն մը»:

«Պետութեան ճամբար» կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանց «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Որեւէ պարագայի պէտք չէ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործելու ազատութեան սահմանափակման կամ հիւսիսի բնակեցուածները վտանգող հեռացման համաձայնիլ»:

«Կը թուի, թէ Իրանի հետ կնքուելիք համաձայնութիւնը ռազմավարական ձախողութիւն մըն է, որ Իսրայէլին պիտի ստիպէ յառաջիկայ տարիներուն քաղաքական, զինուորական ու իրաւական հակամարտութեան մէջ մտնելու, եւ ատիկա պայքար մըն է, որ միայն համապարփակ սիոնական կառավարութիւն մը կրնայ ղեկավարել», ըսաւ Կանց:

Միջազգային Արձագանգներ

Շրջանային եւ միջազգային կողմեր ողջունեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բոլոր ճակատներուն վրայ պատերազմի անմիջապէս դադրեցման, Հորմուզի նեղուցի վերաբացման եւ իրանեան նաւահանգիստներէն ամերիկեան շրջափակման վերացման շուրջ համաձայնութիւնը:

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ ղեկավարները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեցին Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը եւ շնորհաւորեցին բոլոր միջնորդները, ներառեալ Քաթարն ու Փաքիստանը:

«Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւնը առիթ մըն է վերականգնելու շրջանային կայունութիւնը եւ աջակցելու համաշխարհային տնտեսութեան», ըսին անոնք:

«Կոչ կ՛ուղղենք Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւնը արագօրէն գործադրելու եւ շարունակելու մանրամասնութիւններուն շուրջ բանակցութիւնները», յայտնեցին Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ ղեկավարները:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց, որ եթէ իրանցիները այս համաձայնութիւնը յարգեն, ապա Միջին Արեւելքի մէջ յառաջիկայ 50 տարուան ընթացքին արմատական փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ:

«Կան իսկական օգուտներ, զորս Իրան պիտի ստանայ, այնքան ատեն որ կը յարգէ յանձնառութիւններու իրեն վերաբերող բաժինը», նշեց ան:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը յայտնեց. «Երէկ երեկոյեան աւարտեցինք Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն յատուկ փոխըմբռնման յուշագիրի վերջնական նախագիծը»:

Խորհուրդը նշեց, որ փոխըմբռնումներուն համաձայն, Իրանի վրայ հաստատուած ծովային շրջափակումը անմիջապէս եւ ամբողջական կերպով պիտի վերցուի, պատերազմը բոլոր ճակատներուն, ներառեալ Լիբանանի մէջ «այս գիշերուընէ սկսեալ անմիջական եւ տեւական կերպով պիտի դադրի»:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը նշեց, որ փոխըմբռնման յուշագիր պիտի ստորագրուի ուրբաթ օր:

Ճափոնի վարչապետ Սանայ Թաքայիչի ողջունեց փոխըմբռնման յուշագիրը, որուն նպատակը մարտական գործողութիւններուն վերջ տալն է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իր կարգին ըսաւ, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը եւ զայն շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան ուղղութեամբ քայլ մը կը նկատէ:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես ողջունեց համաձայնութիւնը եւ բարձր գնահատեց միջնորդներուն ջանքերը:

Ան ըսաւ, որ Հորմուզի նեղուցին ճամբով նաւարկումի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը երկու հիմնական հարցեր են:

«Երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնը կրնան լուծել առկախ հարցերը եւ երաշխաւորել զինադադարը, ներառեալ Լիբանանի մէջ», նշեց Սպանիոյ վարչապետը:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա ըսաւ. «Անհամբեր կը սպասեմ սուղ գին արժող այս պատերազմի աւարտին եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի ազատութեան ամբողջական կերպով վերականգնման»:

Ան բարձր գնահատեց դիւանագիտական ժրաջան ջանքերը բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս համաձայնութեան կնքման:

«Այժմ պէտք է զէնքերը լռեն, եւ առկախ մնացած տարակարծութիւնները լուծուին խաղաղ միջոցներով եւ միջազգային օրէնքին հիմամբ», յայտնեց Քոսթա:

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է նպաստելու Միջին Արեւելքի բոլոր կողմերուն մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համապարփակ ռազմավարութեան մշակման», նշեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն ողջունեց համաձայնութիւնը` աւելցնելով. «Ներկայիս առաջնահերթութիւնը բոլոր երկիրներուն կողմէ համաձայնութեան արագ եւ ամբողջական գործադրութիւնն է»:

«Պէտք է այս համաձայնութիւնը անմիջապէս վերաբանայ Հորմուզի նեղուցը: Պէտք է առանց տուրքերու նաւարկումի ազատութիւնը վերականգնուի, եւ ասիկա շրջանային կայունութեան եւ համաշխարհային տնտեսութեան համար հիմնական հարց է», նշեց ան:

«Միջին Արեւելքի մէջ չի կրնար խաղաղութիւն հաստատուիլ, մինչ Լիբանան կը բռնկի», ըսաւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը` աւելցնելով. «Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, եւ իսկական զինադադար գործադրելու»:

 

 

 

Leave a Comment