«Էն. Պի. Էյ.» Պրանսըն` «Էմ. Վի. Փի.», Նիքս` Ախոյեան

Ճէյլըն Պրանսըն շատ լաւ գիտէր, թէ Նիւ Եորք Նիքսի համակիրները որքան գումարներ ծախսեցին դիտելու համար Նիքսի մրցումները, եւ այդ պատճառով ալ իր կարողութիւնը ամբողջութեամբ ի նպաստ դրաւ դաշտին վրայ առաջնորդելով Նիւ Եորք Նիքսը ախոյեանութեան տիտղոսին:

2024-ին Պրանսըն 156 միլիոն ամ. տոլարի երկարաձգած էր իր պայմանագրութիւնը, Նիւ Եորքի հետ` դիտմամբ գիտնալով, որ տարի մը ետք` 2025-ին, ան 269 միլիոն տոլարի կրնար երկարաձգել, 113 միլիոն ամ. տոլար զիջելով ի նպաստ Նիքսի, որպէսզի խումբը աւելի զօրանայ:

Պրանսընի այդ քայլը իր արդիւնքը տուաւ երէկ առաւօտեան ժամերուն, երբ Նիքս 94-90 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզին, այս վերջինիս դաշտին վրայ Թեքսասի մէջ:

Աւարտականի տոմսերու գիները 5-էն մինչեւ 50 հազար ամ. տոլարի վաճառուեցան:

Պրանսըն 45 կէտ նշանակեց` օգնելով Նիքսին, որ 4-1 ճակատումներու արդիւնքով վերջապէս դառնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան` 53 տարի սպասումէ ետք:

Պատմութեան գիրքի նման աւարտեցաւ Պրանսընի եղանակը եւ ոչ միայն ինք ու Նիքս շահեցան: Ան ախոյեան դարձուց նաեւ իր հայրը` Ռիք Պրանսընը, որ նախապէս խաղցած էր Նիքսի հետ եւ այժմ օգնական մարզիչն է խումբին:

«Ես իր բոլոր մրցանակները ունիմ իմ բնակարանիս մէջ: Ան ոչ մէկ մրցանակ ունի իր տունը, եւ այսօր ալ պիտի ունենամ իր «Էմ. Վի. Փի.»-ի մրցանակը», ըսաւ Ռիք Պրանսըն:

Պրանսընի անունը, միացաւ Նիքսի պատմական ախոյեաններ Տերէք Ճեթըրի, Էլի

Մենինկի եւ Մարք Մեսիետի անուններուն, բայց Պրանսըն շատ փայլուն աստղերը սիրողը չէ եւ կը մնայ հեզ ու պարզ:

Նիւ Եորքի մարզիչ Մարք Պրաուն տակաւին չէր հասկցած, թէ ինչո՛ւ Պրանսընի անունը կը բացակայէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութեան լաւագոյն 3-էն:

«Յուսամ ինծի մտիկ կ՛ընէք, միշտ կ՛ըսեմ, որ Պրանսըն յատուկ մարզիկ մըն է եւ լաւագոյն 3-էն է… Այսօր միայն գիտցաք անոր արժէքը»:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, Սփըրզ 16 կէտերու առաւելութիւն ունէր, բայց 4-րդ մասին Նիքս շնորհիւ իր փորձառութեան կրցաւ վերադառնալ ու շահիլ մրցումը եւ անշուշտ տիտղոսը:

Տիլըն Հարփըր 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սփըրզի, որուն ֆրանսացի աստղ Վիքթոր Ուիմպանեամա 19 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 9 պլոք ալ կատարելով:

Պրանսընի կողքին, Ճոշ Հարթ (13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Միքալ Պրիճզ (14 կէտ) լաւ ելոյթ ունեցան:

Leave a Comment