Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը պատասխանեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին եւ անոր կոչ ուղղեց` «իրանցի ժողովուրդին, վարչակարգին եւ ժողովուրդին կողմէ սիրուած պետութեան իր հասկացողութեան ու գնահատման մէջ չսխալելու» եւ «իրապաշտ» ըլլալու:
«Հարիւր օրէ աւելի մեր` 1.645.195 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով, սիրելի ու հզօր երկրի բոլոր հրապարակները լեցուած են հսկայական ամբոխներով, որոնց կը մասնակցին ժողովուրդի բոլոր շերտերը` կիները, տղամարդիկը, տարեցները, երիտասարդներն ու մանուկները` ի պաշտպանութիւն Իսլամական Հանրապետութեան վարչակարգին», նշեց դեսպանատունը:
Ռաժժի քանի մը օր առաջ ֆրանսական «Էլ.Սէ.Ի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր. «Իրանցի ժողովուրդը հին ժողովուրդ է` մեծ քաղաքակրթութեամբ, սակայն գրեթէ յիսուն տարիէ ի վեր պատանդ է բացարձակ մենատիրական վարչակարգի մը, որ իր օրինականութիւնը կը ստանայ ենթադրեալ աստուածային իրաւունքէ եւ չի վարանիր, առանց որեւէ խղճի խայթի, իր ժողովուրդին արիւնը թափելու»: