Աուն. «Լիբանան Կանգնած Է Ճակատագրական Ընտրութեան Առջեւ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նախկին նախարար Թոնի Սլէյման Ֆրենժիէի սպանութեան 48-ամեակին առիթով յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց. «Այս ցաւալի դէպքը վերյիշելը հրամայական կը դարձնէ արիւնահեղութեան դասերէն սորվիլը, այն, ինչ որ չսորվեցանք խաղաղութեան տարիներուն:

«Ազգային անկեղծ յիշողութիւնը իր վէրքերը չ՛ընտրեր, այլ զանոնք բոլորը կը կրէ, որպէսզի այդ ցաւէն մեկնած խոստանայ զանոնք չկրկնել:

«Այսօր, այս ցաւալի տարելիցին, Լիբանան կանգնած է ճակատագրական ընտրութեան առջեւ` կա՛մ համաձայնիլ զէնքի մենաշնորհ վայելող եւ օրէնքի գերակայութեամբ կառավարուող պետութեան, կա՛մ պատանդ մնալ միլիսներու տրամաբանութեան»:

«Կը գտնուինք պահու մը մէջ, որ համայնքային շքեղութեան եւ շրջանային պարանաձգութեան չի տոկար: Այսօր ազգային միասնականութիւնը առիթներով բարձրացուելիք նշանաբան մը չէ, այլ գոյութենական անհրաժեշտութիւն մը, որ անկեղծութեամբ կը կառուցուի, արդարութեամբ կ՛ամրապնդուի եւ հաւասարութեամբ կ՛արմատանայ այս ժողովուրդի անխտիր բոլոր բաղադրիչ մասերուն համար», աւելցուց նախագահը:

«Այսօր Էհտենի զոհերուն եւ քաղաքացիական պատերազմին ու անոր յաջորդած պատերազմներուն բոլոր համայնքներէն ու շրջաններէն նահատակներու հոգիներուն առջեւ կը վերահաստատեմ խոստումս` աշխատանք տանելու Լիբանանի մը համար, որուն զաւակները ազատ եւ իրարու հաւասար կ՛ապրին, զանոնք միայն աշխարհագրութիւնը չի միացներ, այլեւ իսկական հայրենակցութիւնն ու արդարութեան եւ օրէնքի պետութեան պատկանելիութիւնը: Աստուած ողորմի նահատակներուն եւ Լիբանանը մղէ ինքն իրեն օգնելու», աւելցուց Աուն:

 

Leave a Comment