Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ արտահերթ նիստ գումարելով հրապարակեց ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները, հետեւեալ ձեւով`
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը ստանայ 340.006 քուէ կամ 23,2710 տոկոս:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 58.287 քուէ կամ 3,9893 տոկոս:
«Քաղաքացիական պայմանագիրը»` 726.819 քուէ կամ 49,7456 տոկոս:
«Հայաստան» դաշինքը` 144.983 քուէ կամ 9,9231 տոկոս:
Նիստին զուգահեռ հաւաքական ընդդիմութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր: Հաւաքուածները կը պահանջէին չեղեալ յայտարարել ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ նոր ընտրութիւններ կայացնել:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին դիմաց երեք ուժերու` «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի, «Հայաստան» դաշինքի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչները պաստառներով իրենց պահանջները կը ներկայացնէին:
Ընդդիմադիր գործիչները բողոքի ցոյցի ընթացքին կը նշէին, որ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ եւ անոնց նախորդող ընտրական ժամանակաշրջանին համակարգուած համատարած ընտրախախտումներ տեղի ունեցած են»:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի շէնքին մօտ եւ յարակից փողոցներուն մէջ ոստիկանական ուժեր կենտրոնացած էին:
Վարչական դատարանը նախանցեալ օր ուշ գիշերին մերժած էր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին դէմ ներկայացուած երկու հայցերը, «սակայն դատաւոր Արթուր Աւագեանը արձանագրած է խախտում եւ վերաքուէարկութիւն նշանակելու անհրաժեշտութիւն», յայտնած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան բանբեր Իվետա Տօնոյեան:
Այս շաբաթ ընտրատարածքային յանձնախումբերուն մէջ տեղի ունեցած վերահաշուարկէն ետք «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ձայները աւելցան 147-ով, սակայն ատոր զուգահեռ 222-ով պակսեցան` 3 ընտրատեղամասերու` 35/ 65-ի, 10/51-ի եւ 12/13-ի արդիւնքները անվաւեր ճանչնալէ ետք: