Շաբաթ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը գեղեցիկ մրցումէ մը ետք 99-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վերջին տարիներու փոխախոյեան Սաժեսէն եւ դուրս մնաց քառորդ աւարտականէն:
Մրցումը բաւական պաշտպանողական էր, եւ մարզիչ Ճօ Մոճահեսի գծած մրցումի ծրագիրը բաւական յաջող էր: Եգիպտացի Համատ Ֆաթհի եւ ամերիկացիներ Մայքըլ Ուաթքինզ ու Ճորտըն Սթիվընզ բաւական լաւ սկսան, մինչ անակնկալ էր Պրայըն Սալեհի մասնակցութիւնը մրցումի սկիզբէն, սակայն վերջինս քիչ մը շատ ֆաուլեր կատարեց առաջին կիսախաղէն իսկ զանոնք 4-ի հասցնելով: Ազիզ Ապտելմասիհ լաւ ելոյթ մը եւս ունեցաւ մանաւանդ իր 4 3 կէտնոց կողովներով:
Ճորտըն 35 կէտ եւ 13 էսիսթ կատարեց, Ուաթքինզ 26 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 5 պլոքներ կատարեց բարձր մակարդակի պասքեթպոլ ցուցաբերելով:
«Հսկայ» եգիպտացի Համատ իր կարգին բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:
Սաժեսի յաղթանակը կերտեց Տեշաունտրէ Ուաշինկթըն, որ 39 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ իրագործեց:
ՀՄԸՄ-ի համար բաւական անբախտ եղանակ մը եղաւ, ուր ան մեծ թիւով վիրաւորներ ունեցաւ տարեշրջանի սկիզբէն` սկսելով Թայլըր Պէյէն, որուն յաջորդեցին Ահմետ Իպրահիմ, Սէրուժ Աւետիսեան եւ Տիքեմպէ Տիքսըն:
Խումբը շատ լաւ սկսելէ ետք տարեշրջանը եւ 6 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք սկսած էր վիրաւորներու շարքը:
Նշենք, որ Սաժես կիսաւարտականին պիտի մրցի Սանթրալի դէմ, որ 32 տարիէ ի վեր չէ հասած կիսաւարտական: Սանթրալ իր կարգին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Անթունիէ հասաւ կիսաւարտական` 3-0 ճակատումներու արդիւնքով յաղթելէ ետք Անդրանիկին:
Անթունիէ պիտի մրցի Ռիատիի դէմ, որ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պէյրութը: