Հեկսեթ. «Միացեալ Նահանգներ Կը Դիտարկեն Քուպայի Նախագահը Առեւանգելու Կարելիութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ խոստովանած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը դիտարկեն Քուպայի նախագահ Միկել Տիաս-Քանելին առեւանգելու կարելիութիւնը` ընդգծելով, որ վերջնական որոշումը կախեալ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Բոլոր տարբերակները սեղանի վրայ են», պատասխանած է Հեկսեթ` լրագրողներու համապատասխան հարցումին:

Նախարարը աւելցուցած է, որ հաւանական գործողութիւններու մասին որոշումը կու տայ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ուաշինկթըն վերջին ամիսներուն ուժեղացուցած է Քուպայի վրայ քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումը:

Leave a Comment