Քոպախիծէ. «Եւրոպական Միութիւնը Զրկած Ենք Շանթաժի Գրեթէ Բոլոր Գործիքներէն»

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէի պնդումով` Թիֆլիսը Եւրոպական Միութիւնը զրկած է «շանթաժի բոլոր գործիքներէն` բացի մէկէն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Խօսքը, ըստ վրացական կառավարութեան ղեկավարին, Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն ազատ մուտքի արտօնագիրի չեղեալ նկատուելուն հաւանականութեան մասին է: «Եւրոպական Միութեան ձեռքը մնացած է մէկ, զուտ տեսական գործիք` ազատ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը: Անոնք կը փորձեն ատիկա օգտագործել վրացական պետութեան եւ վրացի ժողովուրդին դէմ», նշած է Քոպախիծէ:

«Ազատութեան» վրացական ծառայութեան տեղեկութիւններով` Վրաստանի հետ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ճակատագիրին նուիրուած բանակցութիւնները, որոնք վերջերս Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած են, աւարտած են առանց արդիւնքի հասնելու:

Անոնց ընթացքին Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները զգուշացուցած են, որ եթէ Վրաստանը չկատարէ Պրիւքսելի պահանջները` փոխելով վերջին տարիներուն որդեգրուած վիճայարոյց օրէնքներէն մէկ քանին, ապա Եւրոպական Միութեան տարածք առանց մուտքի արտօնագիրի մուտք գործելու իրաւունքէն պիտի զրկուին նախ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողները, ապա երկրին բոլոր քաղաքացիները:

 

 

Leave a Comment