Շարհ. «Սուրիոյ Լիբանան Մուտք Գործելու Վերաբերեալ Խօսակցութիւնները Պարզապէս Տարաձայնութիւններ Են»

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ յայտնեց, որ Սուրիոյ Լիբանան մուտք գործելու վերաբերեալ խօսակցութիւնները պարզապէս տարաձայնութիւններ են, «եւ մեր ուղղուածութիւնը հիմնուած է Լիբանանի մէջ պատերազմը դադրեցնելու ջանքին վրայ, եւ ոչ թէ` զայն ընդլայնելու կամ անոր մէջ ներգրաւուելու վրայ»:

Շարհ Դամասկոսի գիւղական շրջանի բնակիչներու պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծման թղթածրարը ներկայ փուլին առաջնահերթութիւն չէ` նկատի ունենալով, որ գոյութիւն ունին աւելի հրատապ թղթածրարներ, որոնց գլխաւորը Լիբանանի մէջ 1,4 միլիոն սուրիացի գաղթականներու հարցը եւ անոնց հայրենիք վերադարձը երաշխաւորող յարմար գործիքակազմ գտնելու աշխատանքի անհրաժեշտութիւնն է:

 

Leave a Comment