Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Իրանի կողմէ Լիբանանեան կառավարութեան Իսրայէլի հետ գոյացուցած զինադադարի մերժման նպատակը ընդգծելն է, թէ Լիբանանի մէջ որոշումը իր ձեռքն է»:
Սալամ բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին աւելցուց. «Յստակ է, թէ Իրանը ինչո՛ւ մերժեց զինադադարը: Ուզեց ըսել, թէ Լիբանանը մեր գրպանն է, եւ մենք Լիբանանի տեղ կ՛որոշենք: Որոշումը մեզի կը պատկանի»:
Վարչապետը ըսաւ, որ Իրանի` Հըզպալլան իր դիրքորոշումը յայտարարելէն առաջ համաձայնութիւնը մերժելը կուսակցութեան մէջ իրանական ազդեցութեան տարողութիւնը ցոյց կու տայ:
«Եթէ ատիկա բան մը ցոյց կու տայ, ապա ատիկա Հըզպալլայի ոչ միայն զինուորական ու ապահովական ծառայութիւններուն վրայ, այլ նաեւ որոշումի կայացման հոլովոյթին մէջ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի վերահսկողութեան տարողութիւնն է», ըսաւ ան:
Սալամ խօսեցաւ Հըզպալլայի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու տարբեր ժամանակաշրջաններու մասին` նշելով. «Հարցերը հանգուցեալ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի շրջանին տարբեր էին: Ան մեծ չափով որոշումի կայացման հոլովոյթին մաս կը կազմէր»:
Վարչապետ Սալամի կարծիքով, Իրան այսօր Հըզպալլայի վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունի. «Միակ կողմը, որ վերաշինութեան համար անհրաժեշտ ներուժ հաւաքելու կարող է, պետութիւնն է: Վերաշինութիւնը միայն պետութեան ճամբով կրնայ տեղի ունենալ, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան հեռացումը միայն մեր բանակցութիւններուն ճամբով կրնայ իրականանալ»:
Անդրադառնալով հակառակ պատերազմին Լիբանանի ապագային իր պատկերացումին` Սալամ նշեց. «Յոռետես չեմ: Կրնամ ըսել, թէ լաւատես եմ, սակայն պարզամիտ չեմ: Տակաւին իրապէս կը հաւատամ, որ այս երկիրը մեծ կարողութիւններ ունի: Բարեկարգումի ուղիէն ընթանալուն այլընտրանքը չունիմ: Եթէ ուզես պետութիւնը դարձեալ իր ոտքերուն վրայ կանգնեցնել, ատոր այլընտրանքը չունիս»: