Հինգշաբթի գիշեր սկսաւ 2026-ի Մոնտիալը բացման գեղեցիկ հանդիսութենէ մը ետք: Մեքսիքօ Սիթի հիւրընկալեց բացման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեքսիքա – Հարաւային Ափրիկէ առաջին մրցումը:
Նախապէս «Ազթեքա» կոչուած պատմական դաշտը, որ 1966-ին կառուցուած էր, եւ այդտեղ պատմական մարզիկներ աշխարհի ախոյեան դարձած էին Փելէի (1970) եւ Մարատոնայի (1986) նման, ողողուած էր մօտ 81 հազար համակիրներով, որոնք մօտ 4 ժամ անընդհատ երգերով եւ պարերով գեղեցիկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին` մոռցնելով (ժամանակաւորապէս) աշխարհի բոլոր տագնապներն ու հարցերը:
Փայլուն աստղեր, հին մարզիկներ եւ դերասաններ ներկայ էին աշխարհի մարզական «թագաւոր» ֆութպոլի մեծագոյն եւ կարեւորագոյն մրցաշարքին բացման արարողութեան: Սոյն մրցաշարքը յառաջիկայ 40 օրերուն պիտի զբաղեցնէ մարզական աշխարհը:
Յայտնի երգիչներ, ինչպէս Թենոր Անտրէա Պոչելլի, Շաքիրա, Պուրնս Պոյ եւ Ճէյ Պալվին ելոյթ ունեցան աշխուժացելով «Ազթեքա» դաշտի հանդիսատեսները, մինչ դաշտէն դուրս հազարաւորներ բողոքի ցոյցեր կը կատարէին Մեքսիքայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ձերբակալութիւններուն եւ երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ընկերային պայմաններուն վերաբերեալ:
Ինչ կը վերաբերի բացման մրցումին` Մեքսիքա շատ աելի կազմակերպուած էր, քան Հարաւային Ափրիկէն, որ կարծէք դաշտ ներկայացած էր նուազագոյն թիւով կոլեր ստանալու համար միայն:
9-րդ վայրկեանին, միջնապահ Էրիք լիրայի փոխանցումէն օգտուելով, Սէուտական Արաբիոյ ակումբներէն Քատիսիյայի յառաջապահ Հուլիան Քինոնես բացաւ մրցումին հաշիւը: Մրցումը այդքան հետաքրքրական չէր, մանաւանդ որ Մեքսիքա ինք էր, որ կը յարձակէր խումբի մը վրայ, որուն մեծ մասը կը պաշտպանուէր:
Հետաքրքրականը այն է, որ երկու խումբերուն մարզիչները 40 տարի առաջ «Մեքսիքօ 86-»ի Մոնտիալին մասնակցած էին: Ուկօ Պրուս Պելճիքայի ազգային խումբին հետ կիսաւարտական հասած էր, մինչ Հավիէ Ակուիրէ` հիւրընկալ Մեքսիքայի հետ քառորդ աւարտական:
Բ. կիսախաղին սկիզբը Եայա Սիթհոլ ուղիղ կարմիր քարտ մը ստացաւ կոշտ խաղարկութենէ ետք:
Ֆուլհամի յառաջապահ վեթերան Ռաուլ Խիմենես (35 տարեկան) նշանակեց Մեքսիքայի 2-րդ կոլը` Ռոպերթօ Ալվարատոյի փոխանցումէն ետք:
84-րդ վայրկեանին Թեմպա Զուանէ ՎԱՐ-ի միջամտութենէն ետք կարմիր քարտ մը ստացաւ Հարաւային Ափրիկէի մէկ յարձակումին ընթացքին:
90 վայրկեանները անցած էին, երբ Մեքսիքայի կեդրոնի յետսապահ եւ խմբապետ Սեզար Մոնթես բաւական կարծր ֆաուլ մը կատարեց եւ իր կարգին կարմիր քարտ ստացաւ:
Օրուան երկրորդ մրցումին, Հարաւային Քորէա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չեխիան` միանալով Մեքսիքային 3 կէտերով եւ առաջին խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւելով:
Առաջին կիսախաղին Քորէա համեմատաբար աւելի լաւ էր եւ վտանգ ստեղծեց Չեխիոյ դէմ, որ մասնաւոր բան չկատարեց առաջին կիսախաղին:
Բ. կիսախաղին մրցումը աշխուժ էր, եւ մանաւանդ Քորէա աւելի լաւ քանի մը առիթ կորսնցնելէ ետք Քորէա 60-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ Վուլվզի կեդրոնի յետսապահ Լատիսլաւ Քրէյչիի գլխու հարուածին շնորհիւ:
67-րդ վայրկեանին գեղեցիկ փոխանցումներէ ետք Ֆեյենուրտի միջնապահ Ին-Պէօմ Հուանկ շատ գեղեցիկ լոպով մը նշանակեց Չեխիոյ բերդին մէջ` նկատելով, որ բերդապահ Քովար յառաջացած էր իր բերդի գիծէն:
77-րդ վայրկեանին Ուեսթ Համի միջնապահ Թոմաս Սուչեք շատ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց ազատ հարուածէ մը ետք գլխու հարուածով, բայց ՎԱՐ չվաւերացուց այդ կոլը օֆ սայտի պատճառով:
Վայրկեան մը ետք Քորէա անխնայ էր եւ այս անգաս Հուանկի փոխանցումէն ետք Հիոն-Կիու Օհ նշանակեց կոլ մը, որ ի վերջոյ եղաւ յաղթանակի կոլը, հակառակ անոր որ Չեխիա վերջին վայրկեաններուն քանի մը ստոյգ առիթներ կորսնցուց:
Այսօր առաւօտեան ժամը 4:00-ին Միացեալ Նահանգներ պիտի հիւրընկալեն Փարակուէյը, գիշերը ժամը 22:00-ին Քաթար պիտի մրցի Զուիցերիոյ դէմ, առաւօտեան ժամը 1:00-ին Պրազիլ պիտի մրցի Մարոքի դէմ, աւելի ուշ, առաւօտեան ժամը 4:00-ին Հայիթի` Սկովտիոյ դէմ, վաղը առաւօտեան ժամը 7:00-ին Աւստրալիա` Թուրքիոյ դէմ, ժամը 20:00-ին Գերմանիա` Քուրասաուի դէմ, իսկ Նետերլանտներ` Ճափոնի դէմ (ժամը 23:00-ին):