Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ֆրանսական «Էլ.Սի.Ի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի քաղաքական եւ զինուորական թեւերուն միջեւ տարբերակումը բացարձակապէս անիրատեսական է»:
«Կուսակցութիւնը մէկ եւ ամբողջական գոյացութիւն է, որ լիբանանեան հողերուն վրայ ոչ օրինական զինուորական կազմակերպութիւն կը ներկայացնէ եւ պարզապէս զինեալ թեւն է Իրանին, որ զայն կ՛օգտագործէ ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանի կայունութիւնը քայքայելու համար», նշեց նախարարը:
Ռաժժի գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող ֆրանսական զօրախումբին զինուորները, որոնք շուրջ 50 տարի ծառայած են հարաւային Լիբանանի մէջ:
Ան ըսաւ, որ այդ զօրախումբէն զոհուած զինուորները «ճակատամարտի դաշտին վրայ չսպաննուեցան, այլ դաւադրաբար ահաբեկուեցան: Անոնք խաղաղութեան զինուորներ են, որոնք եկան խաղաղութիւնը պահպանելու եւ ոչ թէ պատերազմ մղելու», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այդ ոճիրներուն պատասխանատուին մասին հարցումի մը` Ռաժժի նշեց. «Ծայրայեղական շարք մը խմբաւորումներ ատոր պատասխանատու են»` աւելցնելով. «Լիբանանը այդ զինուորներուն զոհողութիւնները երբեք պիտի չմոռնայ»:
Անդրադառնալով իրանեան թղթածրարին` ան ըսաւ. «Իրանցի ժողովուրդը հին ժողովուրդ է` մեծ քաղաքակրթութեամբ, սակայն գրեթէ յիսուն տարիէ ի վեր պատանդ է բացարձակ մենատիրական վարչակարգի կողմէ, որ իր օրինականութիւնը կը ստանայ ենթադրեալ աստուածային իրաւունքէ եւ չի վարանիր, առանց որեւէ խղճի խայթի, իր ժողովուրդին արիւնը թափելու»:
«Այս վարչակարգը քաոս ու ահաբեկչութիւն սերմանած է եւ խռովութիւն հրահրած Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ ու աշխարհի տարածքին, եւ միշտ տառապանքի աղբիւր եղած է Լիբանանի եւ շրջանին համար», յայտնեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը:
«Լիբանանցի ժողովուրդը յիսուն տարի իր հողերուն վրայ իրերայաջորդ պատերազմներէ տառապեցաւ», յայտնեց ան:
«Հըզպալլան Լիբանանը ներգրաւեց ճահիճի մը մէջ, որմէ ելք չի գտներ, եւ զինուորական ընտրանքը ամէն պարագայի այդ մէկը իրագործելու իր անկարողութիւնը ապացուցեց», ըսաւ Ռաժժի:
«Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը հազուադէպ քաջութիւն ցոյց տուին, երբ զինադադարի հասնելու եւ շուրջ մէկ միլիոն տեղահանուած իրենց բնակավայրեր վերադառնալու կարող դարձնելու համար Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու դուռը բացին», նշեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:
Պատասխանելով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ձեռք սեղմումի եւ խաղաղութեան հասնելու կարելիութեան մասին հարցումին` Ռաժժի յայտնեց. «Խաղաղութիւնը նախապայմաններ եւ յարմար պայմաններ կը պահանջէ. Նախ եւ առաջ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ հարաւային Լիբանանէն եւ պէտք է դադրեցնէ իր յարձակումները, որոնք կռուողներու կողքին բազմաթիւ անմեղ քաղաքայիններ թիրախաւորեց: Մարդ պէտք է խաղաղութեան մասին երազէ, եւ ատկէ ետք տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի»: