2026-ի Մոնտիալ. Այսօր Կը Սկսի Պատմութեան 23-րդ Մոնտիալը

Այսօր Մեքսիքօ Սիթիի մէջ (Մեքսիքա) տեղի կ՛ունենայ ֆութպոլի պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութեան` Մոնտիալի բացումը, ուր միլիոնաւոր հանդիսատեսներ կը սպասեն մարզական աշխարհի թագաւորին` ֆութպոլի փառատօնը:

Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 8:30-էն սկսեալ, իսկ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 10:00-ին, Մեքսիքայի եւ Հարաւային Ափրիկէի միջեւ:

Պէտք է ըսել, որ այս Մոնտիալը տարբեր պիտի ըլլայ բոլոր Մոնտիալներէն` նկատի ունենալով, որ երեք երկիրներ պիտի հիւրընկալեն զայն, եւ Մեքսիքայի կողքին Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա միասին պիտի փորձեն լաւ Մոնտիալ մը կազմակերպել, հակառակ անոր որ քաղաքականութիւնը արդէն իսկ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:

Իրանի ազգային խումբը, որ նախապէս իրաւունք ունէր տոմսեր ապահովելու իր համակիրներուն շնորհիւ եւ ֆետերասիոնին, զանոնք չկրցաւ ձեռք ձգել, եւ տոմսերը բնաւ չհասան ֆետերասիոնին: Հակառակ ասոր, Իրանի ազգային խումբը, որ Մեքսիքա պիտի մնայ եւ միայն մրցումներու պահուն պիտի ճամբորդէ Միացեալ Նահանգներ, մօտ 1 միլիոն իրանցի համակիրներ ունի արեւմտեան շրջանը, ուր տեղի պիտի ունենայ Իրանի 3 մրցումները առաջին հանգրուանին:

Աւելի՛ն, քանի մը օր առաջ Ուզպեքիստանի ազգային խումբը Նետերլանտներու դէմ մրցումէն առաջ խիստ խուզարկութեան ենթարկուեցաւ դաշտ մուտք չգործած, բան մը, որ անհանգստացուց իտալացի մարզիչ Ֆապիօ Քանսվարոն:

«Մեզի ըսուեցաւ, որ օրէնքը այս է, բայց նկատեցի, որ միայն մեր խումբը այդ վիճակին մատնուեցաւ, մինչ ուրիշներ առանց խուզարկութեան դաշտ մտան:

Քանի մը օր առաջ ալ սոմալցի իրաւարար Օմար Արթան, որ սկզբունքով նկատի առնուած էր իբրեւ Մոնտիալի իրաւարար, Միացեալ Նահանգներ մտնելու մուտքի արտօնագիր չստացաւ եւ իրաւունք չունի մասնակցելու Մոնտիալին:

Ըստ երեւոյթին նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումները եւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոյի «անուշ խօսքեր» իրարու չէին համընկներ:

Ինֆանթինօ միշտ ալ կը շեշտէր, թէ ֆութպոլը պիտի ըլլայ աշխարհը իրար միացնող ուժը, մինչ Թրամփ այլ բան կ՛ընէ:

Յամենայն դէպս Պէյրութի բնակիչներուն համար բաւական  անյարմար ժամեր կան այս Մոնտիալին, որուն ընթացքին մրցումներ տեղի պիտի ունենան երեկոյեան ժամը 8:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 7:00:

Կան նաեւ մրցումներ, որոնք տեղի պիտի ունենան կէս գիշերուան ժամը 24:00-ին:

 

 

Leave a Comment