Յայտարարութիւններ ( Յունիս 10 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին

Կիրակի, 14 յունիս 2026-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի սարկաւագական ձեռնադրութիւն:

Եկեղեցւոյ նուիրապետական առաջին կարգը` սարկաւագութիւնը, պիտի ստանան երեք դպրեվանեցիներ`

ՅՈՎՍԷՓ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՍԱՂԻՐԵԱՆ

Պիտի Պատարագէ եւ ձեռնադրութիւնը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ
(Դիւանապետ կաթողիկոսարանի)

Սկիզբ սուրբ պատարագի`           ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն`                   ժամը 10:00-ին
Քարոզ`                               ժամը 11:00-ին

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու այս հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու մեր դպրեվանքի ընծայեալներուն, որպէսզի անոնք իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ մնան հաստատ եւ ամուր քայլերով ընթանան «դէպի աղբիւրը Լոյսին»:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

Leave a Comment