Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Իրանի Հետ Շրջագծային Համաձայնութիւն Կրնայ Կնքուիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ կրնայ Իրանի հետ զինադադարի երկարաձգման եւ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման շրջագծային համաձայնութիւն կնքուիլ:

Թրամփ «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ համաձայնութեան կարգ մը կէտերը տակաւին չեն վերջնականացած` աւելցնելով, որ տակաւին անոր վերջնական հաւանութիւն չէ տուած:

«Իրանի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կրնայ նոյնիսկ զինուորական յաղթանակէն աւելի լաւ ըլլալ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը «Իրանի եւ մեզի համար դիւրին բան մը չէ, սակայն կը ստանանք այն, ինչ որ կարիքը ունինք ստանալու»:

Բանակցութիւններուն քաջածանօթ շրջանային աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, թէ Թրամփի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումի սառեցումը յայտարարելէն ետք, բանակցութիւնները իրենց հունին վերադարձած են:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան կը քննարկէ համաձայնութեան վերջնական բնագիրը եւ տակաւին որեւէ պատասխան չէ յղած:

«Միացեալ Նահանգներ պատերազմէն մտահոգ են, իսկ մենք` համաձայնութենէն, որովհետեւ Ուաշինկթըն պատերազմին ընթացքին մեծ վնաս կրեց, եւ յաջողութիւն չարձանագրեց», աւելցուց աղբիւրը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան աշխատանք կը տանի Միացեալ Նահանգներու հետ ժամանակաւոր ու սահմանափակ համաձայնութեան հասնելու` փորձելով մեղմացնել հետզհետէ աճող տնտեսական ճնշումները եւ կայունացնել ներիրանեան կացութիւնը, ինչպէս նաեւ խուսափիլ իր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ մեծ զիջումներ կատարելէ:

 

Leave a Comment