Հայաստանի համար կազի գինը կրնայ զգալիօրէն բարձրանալ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:
«Հայաստան պէտք է հաշուի առնէ գործող կազի խողովակներու երթուղիներն ու հաւանական մաքսատուրքերը: Ռուսական կազի շուկայական գինով մատակարարման եւ միջնորդներու ներգրաւման պարագային Հայաստանի համար կազի գինը կրնայ զգալիօրէն բարձրանալ», նշած է Օվերչուք: