Կիրակի, 31 մայիս 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը կրկին ժամադրավայրն էր լիբանանահայութեան, որ եկած էր ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին հետ աւանդական ու տպաւորիչ փառատօնով նշելու Հայաստանի անկախութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բարձր հովանաւորութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի նախագահութիւնը վայելող եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած մայիսեան փառատօնը խրախուսիչ ու վճռակամութիւն ներշնչող էր արտասանուած խօսքերով, հպարտալի, յուզիչ եւ խոստմնալից էր խրոխտ կեցուածքով, վճռական քայլերով, բարձր ճակատներով տողանցող տարազաւորներով, մարզիկներով, աշակերտներով ու միութենականներով, տպաւորիչ էր իր գեղարուեստական պատգամող ու բովանդակալից բաժինով, գեղեցիկ էր տարազաւորներուն երկար ու ժրաջան հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ կեանք ստացած ձեռային աշխատանքով:
Փառատօնին բացման խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Լուսին Գազանճեան: Ան յայտնեց, որ հաւաքուած ենք տօնախմբելու մայիս 28-ը` հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենափառաւոր հանգրուաններէն մէկը, երբ մեր ժողովուրդը իր հերոս զաւակներուն անձնազոհ պայքարով, աննկուն կամքով եւ ազգային միասնական ոգիով կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:
Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը, իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, կը շարունակէ դաստիարակել հայ երիտասարդութիւնը` ազգային ոգիով, ծառայութեան գիտակցութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ` որպէս արժանի ժառանգորդները մեր հերոսներուն: Ան հաւատալով, որ միութիւնը զօրութիւն է, հակառակ երկրին մէջ տիրող բոլոր դժուարութիւններուն, այս տարի եւս համախմբեց հայ սկաուտը, մարզիկն ու ժողովուրդը:
Լ. Գազանճեան ըսաւ, որ այս տարուան «Մայիսեան ոգիով դէպի նորանոր յաղթանակներ» լոզունգով ՀՄԸՄ-ը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը այն իտէալներուն, որոնց վրայ հիմնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` ազատութիւն, անկախութիւն, արժանապատուութիւն եւ ազգային միասնութիւն պարգեւելով հայուն:
Եզրափակելով իր խօսքը` Գազանճեան մաղթեց, որ մայիս 28-ի յաղթական ոգին շարունակէ առաջնորդել մեր ժողովուրդը, մեր երիտասարդութիւնը եւ մեր կազմակերպութիւնը` դէպի նորանոր ձեռքբերումներ ու յաղթանակներ:
Ապա ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու օր մը առաջ մահացած, ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի մոկլի վոհմակէն Ալեքս Պոյնէրեանի յիշատակը:
Մայիսեան փառատօնը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներուն կշռոյթով, Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով ու ջահավառութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Իշխան Եղիայեան, որ անդրադարձաւ հանդիսութեան առիթին` տօնակատարել հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն նուիրական եւ շրջադարձային թուականներէն մէկը` 28 մայիս 1918-ի սրբազան յաղթանակն ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման փառապանծ տարեդարձը: Ան նշեց, որ ճակատագրական զուգադիպութեամբ, այս նուիրական թուականը կապուած է ծնունդին` ՀՄԸՄ-ին, որ կեանքի կոչուեցաւ նոյն տարուան նոյեմբերին` դառնալով նորածին հանրապետութեան եւ վերածնող ժողովուրդին գաղափարական ու ֆիզիքական տոկունութեան հզօր սիւներէն մէկը:
Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այն դժուար պայմանները, զորս դիմագրաւելով հաւատաւոր հայութիւնը, քաջարի զինուորներն ու անձնուէր զօրավարներ-ղեկավարները կրցան հերոսամարտեր մղել եւ անկախութիւն կերտել: «Այս լուսաւոր մթնոլորտը ա՛լ աւելի պիտի պայծառանար ու ջերմանար ամիսներ ետք ծնունդով ՀՄԸՄ-ին, որ օրուան կարիքներէն թելադրուած իսկոյն լծուեցաւ որբախնամ նուիրական աշխատանքներուն, իսկ իբրեւ մնայուն նպատակակէտ ճշդեց սերունդներու դաստիարակութեան վսեմագոյն առաքելութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս»:
Իշխան Եղիայեան ապա խօսեցաւ մերօրեայ կացութեան ու մարտահրաւէրներուն մասին` պատերազմական ահաւոր վիճակ, ընկերային բազում հարցեր, նիւթական ծանր պարտաւորութիւններ, հայկական դպրոցներու ջահը վառ պահելու խնդիրներ, հայկականը, հայ ընտանիքի արժէքները անաղարտ պահպանելու դժուարութիւն` շեշտելով, որ եթէ անտարբեր հայորդիի համար այս իրողութիւնը մտահոգիչ չէ, սակայն ՀՄԸՄ-ականներուն եւ իւրաքանչիւր գիտակից հայու համար այլասերումը, օտարանալը կամ հայերէնն ու ազգային նկարագիրը արհամարհելը բացարձակապէս անընդունելի են:
«1918-ին մեր նախորդները աւելի դաժան պայմաններու մէջ չյուսահատեցան: Հետեւաբար, այսօր ալ մե՛նք իրաւունք չունինք տեղի տալու: 1918-ին, անդունդի եզրին հասած ժողովուրդ մը կարողացաւ ճակատագիրը ինք որոշել: Այսօր ալ կարելի է գոյատեւել, եթէ ունենանք ազգային դաստիարակութիւն, աննկուն կամք եւ պատրաստենք ուժեղ երիտասարդութիւն: Ճիշդ հո՛ս է ՀՄԸՄ-ի անփոխարինելի դերը` այնպէս ինչպէս, երկար տարիներ Եռագոյնը պահեց իբրեւ մասունք, հիմա ալ Մայիսեան վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ հայապահպանման առաքելութիւնը:
«ՀՄԸՄ-ի իւրաքանչիւր սկաուտ թէ մարզիկ ակումբի յարկին տակ կամ մարզադաշտին մէջ կ՛առնէ մայիս 28-ի շունչէն ու ոգիէն մասնիկ մը: Ակումբի այդ քանի մը թանկագին ժամերուն ընթացքին, այդ պատանին կը խօսի հայերէն, կ՛երգէ հայերէն, կը կազմաւորուի իբրեւ հայ, կը հաղորդուի Նժդեհի ու Արամի ոգիներով», նշեց ան:
Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինով Իշխան Եղիայեան հաստատեց, որ ինչ ալ ըլլան պայմաններն ու ժամանակները, 108 պատուաբեր տարիներու աւանդը կրող ՀՄԸՄ-ականները պիտի շարունակեն քալել Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի հերոսամարտերէն ծնած վճռակամութեամբ, պիտի ընթանան յաղթանակներ կերտածներու ուղիով` պայքարելու համար ներկայի ժամանակներու սպառնալիքներուն դէմ եւ պահպանելու համար հայու դիմագիծը եւ հայկական դատը: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ականները հաւատարիմ կը մնան իրենց երդումին` ծառայել հայ ազգին ու սրբազան հայրենիքին, կը շարունակենք հաւատալ եւ պայքարիլ, որ լուսաւոր օր մը բանակում պիտի կազմակերպեն վեհ Արարատի փէշերուն, եւ անոր սրբազան գագաթին կրկին ու կրկին պիտի ծածանի հայոց փառապանծ Եռագոյնը:
«Ու վստա՛հ եղէք, որ պիտի գայ օրը, երբ մեր ամբողջական յաղթանակի կերտումէն ետք, մեր միութենական քայլերգի բառերը պիտի վերախմբագրուին, եւ` «Յառա՛ջ, նահատակ ցեղի անմահներ»-ուն պիտի յաջորդէ «Յառա՛ջ, յաղթակա՛ն ցեղի անմահներ»-ու յաղթերգը», շեշտեց Ի. Եղիայեան:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով ան շնորհակալութիւն յայտնեց վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններուն, որոնք քաջալերելու համար մայիսեան փառատօնի պատրաստութեան աշխատանքները մասնաւորապէս եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի աշխատանքները, ցուցաբերեցին նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն (Իշխան Եղիայեանի խօսքին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային):
Անկէ ետք գործադրուեցաւ կենդանի պատկեր` սկաուտական բոլոր խմբաւորումներուն ու մասնաճիւղերուն մասնակցութեամբ` իրերայաջորդ կերպով ներկայացնելով հայոց պատմութեան յատկանշական էջերը` Հայոց ցեղասպանութենէն սկսեալ մինչեւ Թեհլիրեանի վրիժառու արարքը, մայիս 28-ի անկախութեան կերտումը, Արամ Մանուկեանի ճառը, որուն համար կերտուած էր յատուկ ձեռային աշխատանք, ուրկէ ալ սկաուտ մը ենթադրաբար արտասանեց Արամին պատգամը: Այս բոլորէն ետք անդրադարձ կատարուեցաւ մերօրեայ կացութեան, յատկապէս Արցախի կորուստին ու վտանգուած Հայաստանին, բայց եւ այնպէս շեշտուեցաւ, որ ՀՄԸՄ-ականները վճռական են շարունակելու հայութեան պայքարը, հաւատարիմ են նախնիներուն կտակին: Խորհրդաւոր պատկեր մը պարզելով` բոլոր սկաուտները դաշտին մէջ կողք-կողքի կանգնեցան խրոխտ կերպով ու բարձրաձայն ուխտեցին. «Մեր ուխտն է բարձրագոյն` ազգի վերազարթօնք, ո՛չ նահանջ, ո՛չ ողբ, այլ` հզօր վերածնունդ: Ճգնաժամի դիմաց` կամաւորական նոր գո՛ւնդ, կերտելո՛ւ հայրենիք` անսասան, անկործան»:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը յղեց Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Պատգամին սկիզբը ան ըսաւ, որ 1978-էն ի վեր կազմակերպուող մայիսեան փառատօները խորքին մէջ ժողովրդային անվիճելի ապացոյց են, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական միութիւն մը չէ, այլ դպրո՛ց է, հաւաքական կեանքի մեծ փորձառութիւն է, ուր հարիւրաւորներ կը սորվին միասին քալել, համաչափ քալել եւ նոյն նպատակին համար քալել` իր կարգապահ տողանցքով ուխտի արարողութիւն կատարելով: «Համայնական ու միասնական մեր երթը հայութեան եւ աշխարհին կ՛ըսէ, որ մենք հոս ենք` իբրեւ նպատակասլաց սերունդ: Ներկա՛յ ենք, եռանդով լեցուն ուժ ենք, կորով ու կամք ենք», շեշտեց ան:
ՀՄԸՄ ունի անցեալէն եկող յիշողութիւն եւ դէպի ապագայ գացող ժառանգութիւն, դիտել տուաւ Վիգէն Աւագեան եւ ընդգծեց, որ միութիւնը` զինուած իրեն փոխանցուած աւանդով, գիտէ տեղի չտալ, ազգային մեր արժէքներն ու համոզումները չսակարկել, չնահանջե՛լ, մեր ուժն ու զօրութիւնը առնելով այս փառատօնը առաջնորդող չորս դրօշներէն:
«Հայաստանի դրօշէն, որ խորհրդանիշն է մեր պետականութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ խոր արմատներուն: Արցախի դրօշէն, որ ուղենիշն է մեր պայքարին, դիմադրութեան եւ անկորնչելի իրաւունքներուն: Լիբանանի դրօշէն, որ արտայայտիչն է այս երկրին հանդէպ մեր ունեցած քաղաքացիական պատկանելիութեան եւ յանձնառութեան: Եւ վերջապէս, ՀՄԸՄ-ի դրօշէն` իբրեւ 108-ամեայ մեր միութեան անցեալի, ներկայի ու ապագայի ցուցանիշէ: Դրօշ, որուն գաղափարական շունչով թրծուած սերունդները իւրաքանչիւր մայիս 28-ի բարձրաճակատ կը յայտարարեն, որ Արարատը մե՛րն է: Արցախը հայկակա՛ն է: Ա. հանրապետութիւնը վերածնունդի մեր խորհրդանիշն է եւ ամբողջական, ազատ ու անկախ Հայաստանի հիմնաքարն է»:
Աւագեան նշեց, որ այս չորս դրօշները, կողք-կողքի, անոնք ամբողջ պատմութիւն մը կը խտացնեն իրենց մէջ, կը մարմնաւորեն ամբողջ ժողովուրդ մը, որ հակառակ իր ստացած հարուածներուն, յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան` միշտ կը յաջողի վերականգնիլ, վերակազմակերպուիլ եւ ազգային իր երթը շարունակել, իսկ երբ ՀՄԸՄ-ականը այս դրօշներուն ետեւէն կը քալէ, միայն տողանցքի մը մասնակիցը չի դառնար, այլ ամբողջ պատմութեան մը շարունակողը կը հանդիսանայ:
Շարունակելով` Վիգէն Աւագեան անդրադարձաւ ժողովուրդ-ՀՄԸՄ անմասնատելի կապին եւ ըսաւ, որ ժողովուրդը կը գնահատէ ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՄԸՄ-ի իւրաքանչիւր յաղթանակին մէջ կը տեսնէ իր սեփական յաղթանակն ու հպարտութիւնը, ժողովուրդը կը ծափահարէ ՀՄԸՄ-ին, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ ազգային ներշնչումի եւ խանդավառութեան իր մնայուն հարստութիւնը:
«Բոլորի՛ն է ՀՄԸՄ-ը: Հայ իրականութեան մարմնակրթական մեծագոյն շարժումն է ան ու պիտի մնայ անկասկա՛ծ` իբրեւ առաջադրանք ունենալով օրէ օր դառնալ աւելի՛ հայկական, աւելի՛ ընդհանուր, աւելի՛ կազմակերպ ու աւելի՛ արդիական միութիւն` աշխարհասփիւռ իր մասնաճիւղերով, հայրենատենչ սկաուտներով ու հայրենակարօտ մարզիկներով», հաստատեց ան:
Աւարտին Վիգէն Աւագեան ողջունեց փառատօնի կազմակերպիչ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ փառատօնի մասնակիցներուն դիմելով, իր պատգամը եզրափակեց` ըսելով. «Դուք մեր վաղուան կերտիչներն էք, մեր ժողովուրդի յոյսի եւ լաւատեսութեան աղբիւրն էք: Թող ձեր առոյգ ու կայտառ շարքերը մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդեն դէպի աւելի լաւ օրեր, դէպի այնքա՜ն սպասուած յաղթանակներ: Յառա՜ջ, կանգ մի՛ առնէք երբեք: Յառա՜ջ, անսասան, յառա՜ջ անդեդեւ, դէպի յաղթանա՛կ» (Վիգէն Աւագեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան կշռոյթներով հպարտ եւ հաստատ քայլերով, ինքնավստահ եւ իր արժէքներուն կառչած հայու դոփիւնով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը, շրջանային խմբապետութիւնը, վեթերան խմբապետները, ՀՄԸՄ-ի մարզական ներկայացուցչական խումբերը, մարզական դպրոցի աշակերտները, մասնաճիւղերու մարզիկները, ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցած հայկական տարբեր վարժարաններու աշակերտները:
Տողանցքին ընթացքին կատարուեցաւ օրհնութիւնը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին 80-ամեակին եւ ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի 60-ամեակին նուիրուած դրօշակներուն: Յարգանք մատուցուեցաւ նաեւ հանդէպ այն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք նահատակուեցան յանուն Արցախի պաշտպանութեան` Վիգէն Զաքարեան, Վարդան Բախշեան, Գէորգ Հաճեան, Արտակ Իշխանեան, Արմէն Արուստամեան, Արտակ Մարտիրոսեան, Էրիք Գալստեան, Գրիգոր Ղազարեան, Յակոբ Ասթարճեան, Յարութ Փանոյեան, Հայկ Տէրիքլեան եւ Մոսիկ Սեքլեմեան, որոնց լուսանկարները կրող տարազաւորներու տողանցքով բարձր հնչեցին անոնց անմահ անունները:
Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ նշեց, թէ հաւաքուած ենք յիշեցնելու, թէ 108 տարիներ առաջ, վեց դարերու ստրկութենէ ետք հայոց պատմութեան ողբերգական ընթացքը փոխուեցաւ, եւ հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ իր սեփական հողին վրայ ազատօրէն ու արժանապատիւ ձեւով ապրելու իր կամքը հռչակել:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պատմութեան դիմաց կանգ առնելով խորհրդածելը, որպէսզի ճանչնանք մեր պարտականութիւններուն եւ իրաւունքներուն սահմանները եւ զգանք, թէ հայրենիքը միայն անցեալ չէ, այլեւ մեր ազգի վաղուան եւ ապագայի հեռանկարներուն յենարանը:
«Այսօր բոլորս ալ գիտենք, թէ մեր ժողովուրդին դիմաց պարզուող հորիզոնին գոյները այնքան ալ պայծառ չեն: Արդարեւ, աշխարհաքաղաքական տիղմերու մէջ խրած, հայրենի իշխանութիւնները աղէտներու թատերաբեմ դարձուցին հայութեան կեանքը: Արդարեւ, այսօր թէեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կայ, սակայն Արցախի կորուստով Հայաստանի անկախութեան հիմքերն ալ սկսած են տատանիլ, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ բացուած են խրամատներ, հայրենի հողին վրայ վտանգուած է մեր հոգեւոր կեանքն ու կասկածի առարկայ դարձած նաեւ մեր պատմութիւնն ու մեր ինքնութեան վերաբերող ամէն արժէք: Այո՛, այսօր կը փորձեն մեզ համոզել, որ մեր ազգային ճամբան եղած է սխալ, մեր դաւանանքը` խորթ, մեր հայրենասիրութիւնը` մոլութիւն, եւ մեր գործը` ապարդիւն ու անհեթեթ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:
Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ Հայաստան մեր կարեւորութիւնը ընդունի կամ ոչ, մեր սրտին մէջ Հայաստանէն աւելի թանկագին բան չկայ` աւելցնելով, որ, հակառակ օտար հողի վրայ ծնած ու ապրած ըլլալնուս, չենք կորսնցուցած մեր ազգային ապրումներն ու ոգին, չենք խաթարած մեր ինքնութիւնը եւ չենք հրաժարած մեր ժողովուրդի լուսեղէն երազներէն, «այլ սփիւռքի հեռաւոր անկիւններուն մէջ անգամ, մեր կեանքի ամէնէն ու ամէնէն տագնապալի պահերուն, եղած ենք ու կը մնանք Հայաստանի կողքին, կը գործենք Հայաստանի վերելքին համար, կ՛ոգեւորուինք անոր արձանագրած յաջողութիւններով եւ կը տագնապինք անոր դիմագրաւած դժուարութիւններով»:
Առ այդ, Շահէ արք. Փանոսեան հաստատեց, որ ներկայ մշուշոտ պայմանները չեն կրնար մեր ժողովուրդին գիտակցութիւնը խափանել, այլ մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն ճամբով, մեր տուներուն մէջ մենք կը շարունակենք պայքարիլ բոլոր այն ուժերուն դէմ, որոնք կը ջանան մեր ժողովուրդի հոգին շեղել ու մեր կորովը սպառել:
«Հետեւաբար, աղօթենք, որպէսզի մեր ունեցած նահանջներուն յաջորդեն նոր ու տեւող յաղթանակներ: Աղօթենք, որպէսզի հայութեան կեանքին մէջ նուիրում ու կորով ունեցողներ, նոր քաջեր յայտնուին, որոնք կրնան պաշտպանել ու դարձեալ ընդարձակել Հայաստանի սահմանները եւ մեր կեանքին մէջ զսպել օտարացումի վտանգը», իր պատգամը եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ»-ով եւ «Յառաջ նահատակ»-ով: