Թենիս. Ռոլան Կարոսի Առաջին Շաբաթը` Մեծ Անակնկալներով

Տարուան երկրորդ կրան շլեմի թենիսի մրցաշարքը սկսած էր անցեալ շաբաթ, երբ առանց Քարլոս Ալքարասի մասնակցութեան (վիրաւոր) թիւ 1 թենիսմեն իտալացի Եանիք Սինըր կը նկատուէր գլխաւոր թեկնածուն, մինչ 39 տարեկան սերպ Նովաք Ճոքովիչ կ՛երազէր բարելաւել կրան շլեմի իր մրցանիշը` նուաճելու իր 25-րդ մեծագոյն տիտղոսը:

Հինգշաբթի օր, թիւ 1 Սինըր 2 սեթեր շահելէ եւ 3-րդ սեթին 5-1 արդիւնքով յառաջանալէ ետք բարձր տաքութեան պատճառով շատ անհանգիստ զգաց եւ յաղթելիք մրցումը անակնկալ պարտութեամբ աւարտեց 3-6, 2-6, 7-5, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով:

Ան այս մրցաշարքի անվիճելի թեկնածուն էր, մանաւանդ որ 2026-ի փետրուարէն ի վեր ամէն ինչ կը շահէր (5 յաջորդական մրցաշարքեր)` արձանագրելով 30 յաջորդական յաղթանակներ:

Իր անակնկալ պարտութենէն ետք բոլորին կեդրոնացումը ուղղուեցաւ սերպ Ճոքովիչի վրայ, որուն ճամբան քիչ մը աւելի դիւրին կ՛երեւէր առանց Ալքարաս-Սինըր զոյգին: Սակայն Ճոքովիչ իր կարգին 4-6, 4-6, 6-3, 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն կրեց պրազիլցի Ժոաօ Ֆոնսեքայէն` յայտնելով, որ վստահ չէ, եթէ անգամ մըն ալ պիտի մասնակցի Ռոլան Կարոսի մրցաշարքին:

56-րդ դասուած Խուան Մանուէլ Չերունտոլօ (Արժանթին), որ դուրս ձգած էր Սինըրը, պիտի մրցի թիւ 69 դասուած սպանացի Մարթին Լանտալուչէի դէմ, մինչ Ֆոնսեքա պիտի մրցի թիւ 16 դասուած նորվեկիացի Քասփըր Ռուտի դէմ, որ դուրս ձգեց ամերիկացի Թոմի Փոլը` 4-6, 6-7, 6-4, 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով 4 ժամ 47 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք:

13-րդ դասուած Կարէն Խաչանով իր կարգին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց նետերլանտցի Եսփեր Տը Եոնկէն` 5-7, 7-5, 2-6, 7-6 եւ 2-6 արդիւնքով:

 

Leave a Comment