• Մայիս 28-ին, ժամը 10։00-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը տեղի պիտի ունենայ զօրահանդէս, ուր պիտի ցուցադրուին վերջին 4 տարիներու ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերու ձեռք բերած սպառազինութիւնը։
• Ամերիկայի պետական քարտուղարութիւնը ամփոփեց Մարքօ Ռուպիոյի՝ Հայաստան այցելութեան արդիւնքները։
• Հայաստանի վարչապետը ճամբայ կը հարթէ դէպի աւելի պայծառ, աւելի անկախ ապագայ Հայաստանի համար․ Ռուպիօ։
• Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը մշտապէս Հայաստանի եւ Ամերիկայի քննարկումներու օրակարգին մէջ է․ յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան։
• Իսրայէլ ռազմական ցամաքային գործողութիւնները կ՛ընդլայնէ Հարաւային Լիբանանի մէջ։ Առնուազն 31 զոհ եւ 40 վիրաւոր կայ մէկ օրուան մէջ։
• Չինաստան ջանքեր կը գործադրէ Ամերիկա-Իրան հակամարտութեան կարգաւորման համար. Արտաքին գործոց նախարար։
