Մայիս 28-ն Ու Հայաստանի Հանրապետութեան Քսանամեակը` «Ազդակ»-ի Յատուկ Բացառիկով

Մայիս 28-ը Հայաստանի անկախ հանրապետութեան կազմաւորման տօնն է:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ հայ ժողովուրդին համար շատ ծանր պայմաններու տակ:

Օսմանեան կայսրութեան տարածքին Հայոց ցեղասպանութենէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք թրքական զօրքերը յարձակման անցան` նպատակ ունենալով գրաւել Երեւանը, Թիֆլիսը, Պաքուն եւ ամբողջացնել հայ ժողովուրդի բնաջնջման համաթուրանական ծրագիրը:

Օրհասական այդ օրերուն, երբ նժարի վրայ դրուած էր հայ ժողովուրդի գոյութեան հարցը, Արամ Մանուկեան, զօրավարներ Թովմաս Նազարբէկեան, Մովսէս Սիլիկեան եւ ուրիշներ կազմակերպեցին հայ կամաւորական եւ կանոնաւոր զօրագունդեր, որոնք 1918 մայիսին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի կենաց-մահու ճակատամարտերուն յաջողեցան կասեցնել եւ ջախջախիչ հարուածներ հասցնել թրքական բանակին:

Մայիսեան հերոսամարտերուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը փրկուեցաւ ամբողջական ոչնչացումէն:

Թիֆլիսի մէջ կեդրոնացած հայոց Ազգային խորհուրդը 28 մայիս 1918-ին հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը:

* * *

«Ազդակ» ամէն տարի մայիս 28-ին, յատուկ կարեւորութեամբ, առանձին յաւելուածներով թէ բացառիկ թիւերով անդրադարձած է հայ ժողովուրդի յաղթանակի փառապանծ տօնին` Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին:

Յատկանշական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քսանամեակին առիթով` 28 մայիս 1938-ին, հրատարակուած է «Ազդակ»-ի բացառիկ մը` 16 էջերու վրայ, խմբագրականով, պատմական դէպքերու նկարագրութեամբ, վերլուծումներով ու գնահատականներով: Ան ուսանելի շատ մը պատգամներ կը փոխանցէ եւ լաւագոյնս կ՛արտայայտէ ժամանակի մտածողութիւնը:

* * *

20-ամեակին նուիրուած բացառիկին «Ոսկիէ օղակը» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կ՛ըսուէր.

«Մայիս 28ը տoնելո՞ւ է, թէ՞ ոչ: Վերյիշե՞նք զայն ամէն տարի եւ վերյիշեցնենք նաեւ նոր սերունդին, թէ՞ մոռնանք եւ մոռցնել տանք նաեւ նոր սերունդին:

«Եթէ տարեդարձները կը ծառայեն վերագնահատման եւ հետեւաբար ազգային հասունութեան, ապա ուրեմն հայ միտքը  պէտք է պատասխանէ այս հարցումներուն, անոնց մօտենալով առանց զգացումի կամ կիրքի, այլ սառն դատողութեամբ, եւ չափանիչ ունենալով միայն ազգային շահը:

«Ազգի մը պատմութիւնը` գրատախտակին վրայ կաւիճով եղած արձանագրութիւն մը չէ, որ սրբիչը առնես ու ջնջես ձեռքի մէկ շարժումով: «Ան գրուած է դէպքերու պողպատէ գրչովը, գրուած է ազգայիններու կարմիր արիւնովը, հարիւր-հազարաւորներու արցունքով ու վիշտով, եւ հետեւաբար անջնջելի է: Շարունակել զայն` կարելի է, բայց անհետացնել` ոչ:

«Պատմութիւնը ամրակուռ շղթայ մըն է, որուն իւրաքանչիւր օղակը կռանուած է «ազգ» կոչուող սալին վրայ, ի գին տասնեակ տարիներու քրտինքին, սրտի ու հոգիի մաշումին: Եւ ջրուած սերունդներու մաքուր արիւնովը ու դարձած անխորտակելի: Նոր օղակներ դարբնել` կարելի է, բայց եղածը փշրել` անկարելի է: Հետեւաբար, եթէ պիտի գործածես շղթան, մուրճը պէտք է իջնէ սալին վրայ` յանուն նոր օղակներու դարբնումին, եւ nչ թէ շղթային վրայ` ի խնդիր եղածներու քանդումին: Այլապէս, հակազդեցութեան ահաւոր բերումով, մուրճը գլխուդ կը զարնուի: Բնութիւնը կատակ չի սիրեր, ոչ ալ արուեստականութիւն: Դէ՞մ գացիր անոր.- ծիծաղելի կը դարձնէ քեզ, կամ կը տապալէ»:

* * *

«Անկախութեան գաղափարը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը» յօդուածին մէջ Լութեր կը գրէ.

«Այն կարծիքը կը տիրէ առհասարակ, որ ՀՅ  Դաշնակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան գաղափարը որդեգրած է 1918-էն ասդին միայն:  Տեսականօրէն ճիշդ է այս, քանի որ Դաշնակցութիւնը իր սկզբնական ծրագիրին մէջ, Հայաստանի անկախութեան մասին որոշ, յստակ  ու ձեւակերպուած յօդուածներ չունի: Միակ արտայայտութիւնը այս ուղղութեամբ խտացած է այն յօդուածին մէջ, որ կ՛ըսէ` «ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակն է, ապստամբութեան միջոցով Տաճկահայաստանի մէջ ձեռք բերել քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւն»:

«Դաշնակցութիւնը ի՛նչ ծրագիր ալ որ ունենար, պիտի ընթանար հայ ժողովուրդը ազատագրելու ուղիէն, քանի որ ինք ծնունդ էր այդ պահանջին: Երբ այդ ծրագիրին յաջորդեց անմիջական գործը, ու իրականութիւնը արձանագրուեցաւ տաք ու կարմիր արիւնով, այդ վայրկեանէն արդէն հրապարակուեցաւ Դաշնակցութեան միւս Ծրագիր կանոնագիրը, այսինքն` անգիրը, որուն հետեւեցաւ ան ամբողջ կէս դար ու պիտի շարունակէ հետեւիլ մինչեւ իր պահանջներուն իրականացումը:

«Այժմ ձեւականօրէն աւելի յստակ են մեր ծրագիրի պահանջները, թէեւ գործով նախապէս աւելի մօտ էինք այսօրուան ձեւակերպման. բոլոր պայմաններու տակ, ինչ անուն ալ գտնենք, Տաճկահայաստանի ազատագրութիւն, թէ միացեալ եւ անկախ Հայաստան, հինէն ի վեր խորքին մէջ ոչինչ փոխուած է, նոյն մտայնութիւնն ու գործի նոյն ճամբան կը շարունակեն ղեկավարել այս կուսակցութիւնը: «Հայ ժողովուրդի քաղաքական անկախութիւնը, ահա՛ նպատակը, որուն համար կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ Դաշնակցութիւնը: Ժխտել այս ճշմարտութիւնը, կը նշանակէ ծանօթ չըլլալ Դաշնակցութեան պատմութեան, անոր հիմնադիրներու մտայնութեան եւ կէս դարու հերոսական անցեալին:

«Հակառակ դարաւոր ստրկութեան մեզի պարտադրած թմբիրին, հայութիւնը երբեք ալ չէ մոռցած իր կորսնցուցած անկախութիւնը: Հայկն ու Վարդանը, Գագիկն ու Լեւոնը, դարերու ընթացքին շարունակած են ապրիլ մեր ժողովուրդին մէջ ու վառ պահել անկախութեան գաղափարը: Հին օրերուն, մեր ժողովուրդն ու անոր յեղափոխական երգիչները, առանց տեսած ըլլալու Մայիս 28-ի լոյսը, կ՛երգէին մեր անկախութիւնը խորհրդանշող երգեր: Ամէնէն խաւար շրջաններու մէջ ժողովուրդը երազած է ու երգած` «Տեսնել Մասիսի գլխին մի դրօշակ» ու «Տեսնել Կարին նստած հայ իշխան»: «Հայութեան լայն զանգուածներուն համար, միշտ ալ ֆետայիներու խումբերը երեւցած են իբրեւ խորհրդանիշը հայ բանակին, ան միշտ հայ զօրք է երազած ու խանդավառուած անոնցմով:

Հայ ժողովուրդի ապրած այս հոգեբանական վիճակը պէտք էր լաւապէս օգտագործել հայկական դատին համար: Այդ աշխատանքը վիճակուեցաւ Դաշնակցութեան: Դիւրին չէր այդ աշխատանքը, պէտք էր պատկերացնել, թէ ինչ ստրկական դրութեան մէջ կը գտնուէր հայութիւնը իննսունական թուականներուն:

«Ամբողջ քսանութ տարի, 1890-էն 1918, Դաշնակցութիւնը անհաշուելի զոհերով ու գերմարդկային ճիգերով, աշխատեցաւ բարձրացնել հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութիւնը. վարժեցնել զայն կռուի, արթնցնել անոր մէջ սեփական ճակատագիրին տիրապետելու ձգտումը ու պատրաստել զայն գալիք ճակատագրական օրերու համար:

«Ու եկաւ այդ օրը: 1918-ին Արարատեան աշխարհի մէջ մղուող հերոսական կռիւները եկան քննութեան ենթարկելու Դաշնակցութեան աշխատանքին արժէքը: Հաստատ կարելի է ըսել, որ այդ օրերը ճակատագրական էին ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ Դաշնակցութեան համար:

«Սարդարապատն ու Ղարաքիլիսէն եղան այն կշիռքը, որ կշռուեցաւ Դաշնակցութիւնը ու ծանր եկաւ: Զուր չէր անցած Դաշնակցութեան աշխատանքը եւ քառորդ դարու կարճ շրջան մը բաւական եղած էր ստրուկը դարձնելու ազատ քաղաքացի, գիտակից իր իրաւունքներուն, պատրաստ դարբնելու Հայաստանի

անկախութիւնը:

«Հաստատ կարելի է ըսել այժմ, որ առանց Խանասորի ու Պանք Օթթոմանի դժուար թէ ունենայինք Սարդարապատն ու Ղարաքիլիսէն»:

* * *

«Ինչո՞ւ կը տօնենք մայիս 28-ը» խորագրեալ յօդուածին մէջ Ն. Յ. Պ. կը գրէ.

«Ընդվզումները, կռիւներն ու յաղթանակները շատ են ազգերու պատմութեան մէջ: Բայց սակաւ են այն թուականները, որոնք ճակատագրակա՛ն ըլլան եւ դարագլուխներ կերտեն:

Կը տօնենք Մայիս 28-ը, որովհետեւ մարմնացած Ազգային իտէալ մըն է այլեւս: Որովհետեւ Մայիս 28-ը մեզի կ՛ըսէ.- «Ո՛վ, որ ապրիլ ու ազատ ըլլալ կ՛ուզէ,  պէտք է ունենայ հայրենիք մը, ոտքի կռուան մը»: Որովհետեւ Արմէններս ստրուկ չենք եւ չենք ուզեր ըլլալ: Որովհետեւ մեր երակներուն մէջէն հոսող ըմբոստութեան եւ ազատութեան մաքուր արիւնը, ցամքիլ չի գիտեր երբեք. վկա՛յ` մեր հերոսացած հայդուկները…

«Կը տօնենք Մայիս 28-ը, որովհետեւ գիտցանք նոյնիսկ մեր եղունգները զինել թշնամիին դէմ: Որովհետեւ ոճրագործը տեսնել եւ ցաւին տոկալը` միայն գարշապարներ լիզող ստրուկներուն կը վայելէ:

«Եւ վերջապէս կը տօնենք եւ կը պանծացնենք յիշատակը մեր բոլոր հերոսներուն, մարտիկներուն եւ անծանօթ զինուորներուն, որոնք իրենց անօրինակ քաջութիւններով կրցան մեզի տալ Անկախութեան օրը` Մայիս 28-ը:

«Պէտք է երկիւղածօրէն մօտենալ այս թուականին, որովհետեւ մեր նա՛ւը, տակաւին չէ հասեր իր նաւահանգիստին:

«Հայը, մանաւանդ հայ երիտասարդը, որ չի կրնար ապրիլ այս թուականին հետ, ընդունած պիտի ըլլայ օտար լուծը. որովհետեւ, չկայ թուական մը, որ իրեն տայ այն` ինչ որ կու տայ Մայիսը»:

* * *

«Քսաներորդ տարին» խորագրեալ յօդուածին մէջ Վ. Վալադեան կը գրէ.

«Մայիս 28-ի քսաներորդ տարին:

«Մեր ժողովուրդի քաղաքական անցեալի մէջ մի շարք թուականներ կան պատմական, յիշատակելի: Եւ նրացից իւրաքանչիւրը հանդիսանում է նշան ու արտայայտութիւն այն ընդհանուր ազգային պայքարի, որ սկզբից ի վեր հայութիւնը մղել է` դարեր ու դարեր շարունակ,  քաղաքական անկախութեան ի խնդիր:

«Ազատութեան, անկախութեան գաղափարը:

«Մայիս 28» – մի նոր փուլն է` այդ գաղափարի իրականացման ճամբին: Հին ու երկար մի ճամբայ, որչափ որ հինաւուրց է հայութիւնն ինքը:

«Դեռ միայն քսան տարի է անցել այդ նոր դէպքից ասդին: Ու ա՛յդ է պատճառը, որ դեռ ո՛չ բոլոր հայերն անխտիր` կարողացել են լրիւ կերպով ըմբռնել Մայիս 28-ի ե՛ւ խորհուրդը ե՛ւ մեծութիւնը: Աւարայրի խորհուրդի վսեմութիւնն էլ չէին ըմբռնել կատարելապէս` այն ժամանակուայ բոլոր հայերն անխտիր:

«Քսան տարին շա՜տ կարճ մի ժամանակամիջոց է վերջնականապէս անվիճելի դարձնելու համար Մայիս 28-ի մեծութիւնը»:

* * *

«Մայիս 28-ը» խորագրեալ յօդուածին մէջ Յ. Աթիկեան կը գրէ.

«Հայ ժողովուրդի անկախութեան տօնն է այսօր:

«Տօն ուրախութեան եւ ներշնչումի:

«Անհատներ թէ ժողովուրդներ բնածին ձգտում մը ունին անկախ ըլլալու: Այդ ձգտումի թափը շրջանէ շրջան, ժողովուրդէ ժողովուրդ եւ երկրէ երկիր կը տարբերի իր ըմբռնումով ու տարողութեամբ:

«Ոմանք անկախութիւնը կ՛ըմբռնեն տնտեսական իմաստով, ուրիշներ ֆիզիքական կամ մտաւորական կեանքի իմաստով: «Դաշնակցութեան ըմբռնած անկախութիւնը այս բոլորի համադրոյթն է` քաղաքական եւ պետական իմաստով անկախութիւն:

«Հայութիւնը դարեր շարունակ քաղաքական անկախ կեանք ապրած եւ ազգային փառաւոր պատմութիւն կերտած ժողովուրդ է: Որպէս պետական ազգ ունեցեր ենք մեր վերելքներն ու անկումները պատմութեան թատերաբեմին վրայ: Մեզմէ աւելի ուժեղ վայրի ցեղերու արշաւանքին ենթարկուելով վերջ գտեր է մեր անկախութիւնը` փլեր է մեր պետական շէնքը, դարեր շարունակ ենթարկուեր ենք գոյնզգոյն բռնակալութեանց լուծին` պարսկական, արաբական, ռուսական եւ ամէնէն անմարդկայինն ըլլալով թրքական լուծին: Ցմրուր քամեր ենք դառնութեան բաժակը եւ բոլոր տեսակի անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկուեր ենք դարերով:

«Ստրկութեան շղթայի այս անտանելի լուծը դարերու ընթացքին առնականութեան ջիղը թմրեցուցեր եւ պարտուողական հոգեբանութիւն մը առաջացուցեր էր մասսային մէջ: Բայց անդին, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու մէջ, մնացեր է ընտրանի մը, որուն հոգիի խորքը անկախութեան կայծը չէ մարեր:

«Տասնեակ տարիներ պէտք կ՛ըլլան յեղափոխութեան եւ անկախութեան գաղափարները որոշ չափով մասսայի սեփականութիւնը դարձնելու համար: Նոր տեսութեան տեսական դասընթացքը բաւական չըլլար (արդէն տեսականը առանց գործնականի կէս արժէք ունի). պէտք կ՛ըլլայ գործնական դասընթացքն ալ ցուցնել` ֆետայական զինուած խումբերով, մասնակի տէրօրներով, բանտով, աքսորով եւ կախաղանով:

«Հայ մարդը բթամիտ չէ, քայլ առ քայլ կը դաստիարակուի, վտանգաւոր առարկաներու տեսքին կը հաշտուի եւ գործածութեան կը վարժուի: Հաւաքականութեան շահուն եւ հանգիստին համար, անձնական հանգիստը զոհելու, եսը անտեսելու գաղափարը կ՛իւրացնէ, մէկ խօսքով` ինքնապաշտպանութեան եւ անձնազոհողութեան կը վարժուի:

«Վրայ կը հասնի համաշխարհային տակնուվրայութիւնը: Ազգեր զիրար կը բզքտեն: Անտարբեր, չէզոք բառը Տէր Զօր, աքսոր, ջարդ եւ ոչնչացում կը նշանակէ: Քաղաքական կազմակերպութեանց դպրոցի մէջ կրթուած տարրը կ՛ըմբռնէ իրականութիւնը, պատուաւոր մահը կը գերադասէ ստրուկ մահէն, ճակատ կը յարդարէ իր դարաւոր ոսոխին դէմ եւ կազմակերպուած բանակներով կը նետուի յորձանքին մէջ 1914-ին:

«Չորս տարուան հերոսական մաքառումներէ յետnյ, հայ ժողովուրդը իր երազած իտէալին իրականացումը կը տեսնէ` գարնան գեղեցիկ օր մը, մայիս 28-ին իր ազգային քաղաքական «անկախութիւնը կը հռչակէ:

«Մայիս 28-ը տարուան 365 օրերէն մէկն է, բայց տարբեր իր իմաստով, գաղափարական տարողութեամբ եւ արժէքով: Ինչպէս ուսանող մը տարիներու տքնաջան աշխատանքներէ յետոյ կ՛արժանանայ բարձրագոյն վկայականի, նոյնպէս ալ հայ ժողովուրդը 30-40 տարուան գործօն պայքարէ, չարաչար աշխատանքէ յետոյ քաղաքակիրթ աշխարհի առջեւ քննութիւն կու տայ եւ վկայականի կ՛արժանանայ` անկախութեան վկայականին:

«Անկախութեան վկայականը ձեռք կը ձգուի, տասնեակ, հարիւր հազարաւորներու արեան գնով: Մենք այդ արեան տուրքը վճարեր ենք աւելիով, եւ չեմ կարծեր, թէ երկրագունդին վրայ գտնուի ուրիշ ժողովուրդ մը, որ իր անկախութիւնը աւելի սուղի գնած ըլլայ:

«Հազիւ անկախութեան պտուղը ճաշակած, ռուս-թրքական բանակները դաւով եւ բռնի ուժով այդ նորածին երեխան կը պատեն, մարմինը շնչահեղձ ընելու չափ նեղ, անհամակրելի կարմիր լաթով մը:

«Շատ կարճ տեւեց մեր անկախութիւնը, հազիւ 3 տարի. բայց այդ կարճ ժամանակաշրջանն իսկ բաւական եղաւ մեր ազգային քաղաքական բառարանը ճոխացնելու համար: Ազգ, քաղաքացի, ազատութիւն եւ անկախութիւն բառերը, երէկ միայն գաղափարական իմաստ ունէին` երազային անհասանելի բաներ: Այսօր այդ բառերը մեզ համար իրական եւ շօշափելի արժէքներ են:

«Շնորհիւ մայիս 28-ին, «Մեր հայրենիք»-ը, որ մինչ այդ պարզ ազգային երգ մըն էր, դարձաւ Ազգային քայլերգը` յարգանք ու պատկառանք ներշնչող սրբութիւն, կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյները դարձան ազգային գոյներ` Եռագոյն: Մէկ խօսքով, մայիս 28-ը, ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս գաղափարական երիտասարդութեան տուաւ նոր սրբութիւններ»:

Leave a Comment