Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ 28 մայիս 1918-ը դարձաւ ոչ միայն անկախութեան հռչակման թուական մը, այլ նաեւ` ազգային վերածնունդի, պետական մտածողութեան եւ գոյատեւման խորհրդանիշ: Դարեր շարունակ պետականութենէ զրկուած, օտար լուծերու տակ ապրած, Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ահաւոր հարուածը կրած հայութիւնը 1918-ին կանգնած էր իր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերէն մէկուն դէմ յանդիման:
Արեւմտեան Հայաստանը գրեթէ հայաթափուած, արեւմտահայ ժողովուրդին մեծ մասը անէացած կամ գաղթական դարձած, անդին` ցարական կայսրութեան փլուզումէն ետք Կովկասեան ճակատը քայքայուած, օսմանեան բանակը կը յառաջանար դէպի հայկական վերջին բնակավայրերը, ուստի Արեւելեան Հայաստանը կը դիմագրաւէր Արեւմտահայաստանի ճակատագիրին սպառնալիքը:
Ահա այդ ճակատագրական օրերուն հայութեան առջեւ դրուած էր գոյութեան վճռական ընտրութիւնը: Հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ՞ր ապրիլ իր հայրենի հողին վրայ, թէ՞ պիտի կորսնցնէր իր վերջին ապաւէնը: Պիտի յաջողէ՞ր վերականգնել իր պետականութիւնը եւ իր քաղաքական կամքը, թէ՞ պիտի մնար պատմութեան էջերուն մէջ` իբրեւ բնաջնջուած, ցրուած եւ պետական ուժէ զրկուած ժողովուրդ մը:
Մայիս 1918-ին Արամ Մանուկեանը իր կազմակերպչական տաղանդով կը հռչակուի Հայաստանի տիքթաթոր: Ան շուտով կը ստանձնէ հայրենիքի պաշտպանութեան դժուարին պարտականութիւնը` առաջնորդելով համաժողովրդական ինքնապաշտպանութեան գործը: 18 մայիսին, երբ Երեւանի քաղաքապետը կ՛առաջարկէ քաղաքը թուրքերուն յանձնել առանց դիմադրութեան, այդ մթնոլորտին մէջ է, որ կը հնչէ Արամ Մանուկեանի նշանաւոր խօսքը.
«Երեւանը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը, մինչեւ մեր վերջին գնդակը: … Ո՛չ մէկ նահանջ ո՛չ մէկ գծի վրայ: Նահանջ Երեւանից` նշանակում է խաչ քաշել մեր ամբողջ գործունէութեան եւ մեր ապագայ քաղաքական մուրազներին վրայ»:
Այս օրհասական պահուն ծնան մայիսեան հերոսամարտերը` Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսէ, որոնք լոկ ռազմական դիմադրութիւններ չէին, այլ հայ ժողովուրդի վերջին գիծերն էին թրքական յառաջխաղացքին դիմաց: Սարդարապատի դաշտերուն, Բաշ Ապարանի բարձունքներուն եւ Ղարաքիլիսէի ճակատին վրայ հայ զինուորը, գիւղացին, կամաւորը, հոգեւորականը եւ մտաւորականը միացան մէկ սրբազան նպատակի շուրջ` փրկել հայրենիքը եւ ապացուցել, որ հայ ժողովուրդը տակաւին ունի ապրելու ուժն ու սեփական պետութիւն կերտելու իրաւունքը:
Մայիսեան հերոսամարտերով հայ ժողովուրդը մերժեց նահանջի, համակերպումի եւ անէացման ճակատագիրը եւ իր արեամբ հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը: Շաբաթ մը ետք` 4 յունիս 1918-ին, նոյնինքն այդ թուրքը, որ որոշած էր ամէն գնով բնաջինջ ընել հայութիւնը, ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք` դարեր շարունակ պետականազրկութենէ ետք հայ ժողովուրդը դարձեալ աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ պետականութիւն ունեցող ժողովուրդ:
Այստեղ է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերակատարութիւնը կը ստանայ իր լիակատար իմաստը: Դաշնակցութիւնը ծնունդ առած էր հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախ պետականութիւն ունենալու հրամայականէն: Սակայն, որպէս հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնած կուսակցութիւն, ան իր նպատակներն ու առաջադրանքները միշտ յարմարցուցած է ժողովուրդի կարիքներուն եւ պայմաններուն: Այդ պատճառով ալ իր հիմնադրութեան շրջանին, նկատի ունենալով արեւմտահայութեան ծանր իրավիճակը, Դաշնակցութեան առաջնահերթ նպատակը դարձաւ «ապստամբութեան միջոցով Տաճկահայաստանի մէջ ձեռք բերել քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւն»: Սակայն դաշնակցականի գաղափարական աշխարհին մէջ չկար բաժանում արեւելեան եւ արեւմտեան Հայաստաններու միջեւ: Կային ոչ թէ երկու հայրենիքներ, այլ մէկ ամբողջական գաղափար` հայրենիքի գաղափարը: Ահա այդ համոզումէն մղուած էր, որ արեւելահայ բազմաթիւ երիտասարդներ եւ գործիչներ կ՛ուղղուէին դէպի Երկիր` Արեւմտեան Հայաստան, օժանդակելու համար տեղւոյն ազատագրական շարժումներուն եւ ապստամբութիւններուն: Աւելի ուշ, երբ Արեւելեան Հայաստանը եւ կովկասահայութիւնը սկսան դիմագրաւել նոր քաղաքական եւ ազգային մարտահրաւէրներ, Դաշնակցութիւնը 1907-ին իր Վիեննայի Դ. Ընդհանուր ժողովին մշակեց Կովկասեան նախագիծը: Այս քայլը կը հանդիսանար հայրենիքի գաղափարին հասնելու երկրորդ փուլը` պայքարը տարածելով նաեւ կովկասահայութեան քաղաքական, ընկերային եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան դաշտին մէջ: Իսկ աւելի ուշ, երբ 1918-ին Հայաստանը վերականգնեց իր անկախ պետականութիւնը, Դաշնակցութեան ազգային տեսլականը ստացաւ աւելի ամբողջական եւ յստակ ձեւակերպում: 1919-ին ան իր գերագոյն նպատակը դարձուց ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը չծնաւ խաղաղ եւ պտղաբեր պայմաններու մէջ: Ան ծնաւ պատերազմի, սովի, գաղթականութեան, համաճարակներու, քանդուած տնտեսութեան եւ անորոշ սահմաններու մէջ: Այս պայմաններուն մէջ ՀՅԴ-ն կանգնեցաւ ազգային պայքարի եւ պետական շինարարութեան առաջնագիծին վրայ: Անոր գործիչները` զինուորական թէ մտաւորական, ունեցան վճռական դեր` ոչինչէն ստեղծելով պետութիւն, բանակ, վարչական համակարգ, կրթական, սկաուտական, բարեսիրական միութիւններ, արտաքին քաղաքականութիւն եւ ներքին կարգապահութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրէն` Արամ Մանուկեանէն, Սարդարապատի հերոսամարտերը իրագործող եւ ազգային ինքնապաշտպանութեան ճակատներուն վրայ վճռական դեր ստանձնած Դրաստամատ Կանայեանէն, Գարեգին Նժդեհէն, Համազասպէն, ինչպէս նաեւ այդ պայքարին մէջ իրենց արիւնը եւ ուժը ներդրած դաշնակցական կամաւորական գունդերէն, հասնելով մինչեւ պետականաշինութեան գործին նուիրուած` Յովհաննէս Քաջազնունի, Համօ Օհանջանեան, Ալեքսանդր Խատիսեան, Սիմոն Վրացեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ Ռուբէն Տէր Մինասեան, այս բոլորը դաշնակցականներ էին, որոնք ոչ միայն մասնակցեցան անկախութեան կերտումին, այլ նաեւ իրենց կամքով, կազմակերպչական կարողութեամբ, քաղաքական հեռատեսութեամբ դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը դնող սերունդը:
Ա. հանրապետութիւնը նաեւ ապացուցեց, որ անկախութիւն կերտելը դժուար է, բայց անկախութիւնը պահելը` ա՛լ աւելի դժուար: Անկախութիւնը միայն հռչակագիր չէ, անկախութիւնը ամէն օր պաշտպանուող պարտականութիւն է, որովհետեւ պետութիւն ունենալը բաւարար չէ, եթէ ժողովուրդը չունի պետական մտածողութիւն: Ուստի, անկախութիւնը կը տկարանայ, երբ ազգը կը կորսնցնէ իր հաւաքական նպատակը, երբ ներքին բաժանումները կը գերադասուին ազգային շահէն, երբ օտար ուժերու վրայ յոյսը կը փոխարինէ սեփական կազմակերպուած ուժը: Հայոց պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ անկախութիւնը կը պահուի միայն այն ատեն, երբ ժողովուրդը կը գիտակցի անոր արժէքին եւ ամէն գնով պատրաստ է զայն պաշտպանելու եւ պահպանելու:
Հայաստանի պարագային, անկախութիւնը այսօր ալ կը մնայ ճակատագրական հարց: Մեր շուրջը գտնուող աշխարհաքաղաքական միջավայրը բարեկամական չէ: Հայ ժողովուրդը տակաւին կը դիմագրաւէ անվտանգութեան, տարածքային եւ ազգային ինքնութեան լուրջ մարտահրաւէրներ: Այս պայմաններուն մէջ անկախութեան գաղափարը պէտք չէ ընկալուի որպէս մնայուն եւ դիւրամատչելի իրականութիւն: Հետեւաբար անկախութիւնը հայութեան համար վերջնական փուլ մը չէ, այլ` շարունակական պայքար: Սակայն անկախութիւնը պաշտպանելը չի նշանակեր ընդունիլ որեւէ զիջողական եւ պարտադրողական իրավիճակ, որովհետեւ եթէ այդպէս է իրավիճակը, ուրեմն այդ պետութիւնը այլեւս անկախ չէ իր որոշումներուն մէջ եւ ենթակայ է իշխող պետութիւններուն: Անկախութեան պահպանումը կը պահանջէ գաղափարական հաւատարմութիւն, կազմակերպուած հեռատեսութիւն եւ կարեւորագոյնը` անկախութիւնը կը պահպանուի այն ժողովուրդի ձեռքով, որ չի մոռնար իր պատմութիւնը, չի հրաժարիր իր իրաւունքներէն եւ իր ազգային կամքը չի փոխարիներ օտար երաշխիքներով:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը այս իմաստով կը մնայ արդիական: Ան կը յիշեցնէ, որ ազգի ազատութիւնը չի նուիրուիր, այլ կը նուաճուի: Հայրենիքը չի պահպանուիր միայն խօսքով, այլ` գործով: Պետականութիւնը չի գոյատեւեր պատահականութեամբ, այլ` կազմակերպուած կամքով, եւ անկախութիւնը չի դառնար իրականութիւն, եթէ անոր ետին չկայ ժողովուրդի մը հաւաքական վճռակամութիւնը:
