Մայիս 28. Ո՛չ Միայն Յիշել, Այլ Նաեւ` Արժանանալ

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Մայիս 28-ը մեր պատմութեան փառահեղ հանգրուան մը ըլլալէ անդին` ազգային վերածնունդի խորհրդանիշ է: Մայիս 28-ը միայն անցեալի փառք մը չէ, որուն մասին պէտք է խօսինք հանդիսութիւններու բեմերէն կամ դրօշներու ներքեւ: Անիկա կենդանի պատգամ մըն է` ուղղուած  հայ ժողովուրդին, յատկապէ՛ս` երիտասարդութեան  գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան:

Մայիս 28-ի իւրաքանչիւր տարեդարձ նորոգ կերպով կը յիշեցնէ Ա. հանրապետութեան հռչակման պատմական խորհուրդը: Բայց այս յիշատակը պէտք չէ սահմանափակուի սոսկ հանդիսաւոր խօսքերով կամ փառքի վերապրումով: Ան մեզ կը մղէ նաեւ կանգնելու աւելի խորունկ հարցումի մը դիմաց. արդեօք մենք միայն կը յիշե՞նք, իսկապէս կը հասկնա՞նք, թէ ի՛նչ գնով ծնաւ այդ անկախութիւնը:

Ա. հանրապետութիւնը ծնաւ մահուան եւ քանդումի եզրին: 1918-ի մայիսը սովորական ամիս մը չէր: Ան մահուան եւ գոյութեան միջեւ վերջին սահմանագիծն էր: Արեւմտահայութիւնը կորսնցուցած էր իր հայրենիքը: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած  հայ ժողովուրդը բռնագաղթի ցաւէն ուժասպառ, որբացած ու արիւնաքամ վիճակի մէջ կը գտնուէր: Կովկասը  խրած էր պատերազմի եւ քաղաքական քաոսի մէջ: Թրքական բանակը կը մօտենար Երեւանին: Շատեր արդէն համոզուած էին` հայ ժողովուրդը այլեւս չէր կրնար վերագտնել իր կենսական ուժը: Պատմական  զարգացումները այլ ընթացք  մը պարտադրեցին  հայ ժողովուրդին:

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի դաշտերուն վրայ հայը չպաշտպանեց միայն հող: Ան պաշտպանեց` իր անունը, իր մայրենին, իր յիշողութիւնը, իր գոյութիւնը: Պայքարը ընտրանք չէր, այլ` գոյութեան հրամայական, որովհետեւ գիտէր` կամազուրկ ազգերը չեն ապրիր երկար: Այդ սերունդը ունեցաւ մեծ արժանիք մը. անիկա չընկրկեցաւ, ընդհակառակը, հասկցաւ` պետականութիւնն էր գոյութեան միակ երաշխիքը: Այդ գիտակցութիւնն էր, որ ժողովուրդը համախմբեց: Գիւղացին, մտաւորականը, հոգեւորականը, կամաւորը եւ քաղաքական գործիչը նոյն ճակատագրին շուրջ համախմբուեցան:

Ա. հանրապետութեան պատմութիւնը, փառքի պատմութեան  կողքին, սխալներու, ներքին թուլութիւններու եւ քաղաքական սահմանափակումներու դասագիրք մըն է: Երիտասարդ պետութիւնը չունէր ամուր պետական կառոյցներ, տնտեսական հիմքեր եւ միջազգային հզօր աջակցութիւն: Ներքին բաժանումները, կուսակցական մրցակցութիւնները, յաճախ ալ իրապաշտ քաղաքական մտածողութեան բացակայութիւնը թուլացուցին պետութիւնը: Արտաքին ուժերու նկատմամբ չափազանց մեծ յոյսերը եւ աշխարհաքաղաքական իրականութիւններու ոչ լիարժէք ընկալումը նոյնպէս ծանր հետեւանքներ ունեցան:

Ահա թէ ինչո՛ւ մայիս 28-ը պէտք չէ դառնայ սոսկ արարողութիւն: Յատկապէս այս օրերուն անկախութեան պահպանումը կոչուած է դառնալու հայ ժողովուրդի միասնական կամքի ուխտագիրը:

Հա՛յ ժողովուրդ, քու ուսերուդ վրայ կը ծանրանայ ազգի մը շարունակականութեան պատասխանատուութիւնը: Հայերէն խօսիլը ազգ պահել է: Պատմութիւնը սորվիլը յիշողութիւն պաշտպանել է: Անտարբերութիւնը դիմադրելը վաղուան հիմքերը դնել է:

Այսօր, երբ Հայաստանը եւ համայն հայ ժողովուրդը  դարձեալ ծանր փորձութիւններու առջեւ կը գտնուին, հաւաքական  ինքնաքննութեան  անհրաժեշտ  է վերածել մայիս 28-ը: Իւրաքանչիւրս պարտաւոր է հարցնելու` արդեօք ճիշդ դասերը քաղեցի՞նք մեր պատմութենէն:

Այսօր վտանգները այլ կերպարանք ստացած են: Անոնք միայն սահմանագիծներէն չեն սպառնար, այլ կը շրջին մեր մտածողութեան, հասարակական կեանքին ու ազգային ինքնութեան շուրջ: Այսօրուան  թշնամին   բազմագլուխ  է` ներքին եւ արտաքին: Անիկա յուսահատութիւնն է, ազգային անտարբերութիւնն է, մայրենիէն հեռացումն է, պատմութեան մոռացութիւնն է, ինքնութեան նահանջն է:

Մայիս 28-ը կը սորվեցնէ, որ անկախութիւնը շարունակական պայքար է, ան ամէնօրեայ ճիգով պահուող արժէք է, որ կը պահանջէ` նուիրում, պատասխանատուութիւն, գիտակցութիւն եւ զոհողութիւն, կարգապահութիւն եւ ազգային արժանապատուութիւն:

Արդեօք կը պահպանե՞նք այն արժէքները, որոնց վրայ հիմնուեցաւ Հայաստանի Ա.  Հանրապետութիւնը: Ներքին ատելութիւնը, քաղաքական թշնամանքը եւ փոխադարձ անվստահութիւնը կրնան աւելի վտանգաւոր ըլլալ, քան` արտաքին թշնամին: Երբ պետականութիւնը տկարանայ,  համայն  հայ ժողովուրդը կը դառնայ անպաշտպան: Ժողովուրդ մը, որ կը հրաժարի իր պատմութենէն, իր նահատակներէն եւ իր իրաւունքներէն, դանդաղաբար կը հրաժարի նաեւ իր ապագայէն:

Արդեօք ունի՞նք այն կամքն ու  հաւատքը, որ ունեցան 1918-ը կերտողները:

Այսօրուան մարտահրաւէրներուն  դիմաց, հայ  ժողովուրդը  կոչուած է նոր գիտակցութեամբ վերարժեւորելու իր գոյութեան ճանապարհը: Ո՛չ կոյր ծայրայեղութեամբ, ո՛չ ալ դատարկ կարգախօսներով, այլ գիտակից սիրով` դէպի հայրենիքը, ժողովուրդը եւ մշակոյթը: Ազգի մը գոյատեւումը չի սահմանափակուիր միայն ռազմական կարողութիւններով, այլ` պետական, կրթական, հոգեւոր մշակութային  հզօր  կառոյցներով:

Պատմութեան հարցադրումներուն դիմաց արժանապատիւ պատասխան տալու համար ապրուած իրականութեան  պէտք է վերածենք մեր հայրենիքին ու ինքնութեան հանդէպ պարտականութիւնները: Այդ ճանապարհով միայն կ՛իրագործենք մայիս 28-ի պատգամը եւ անվարան կ՛ըսենք. «Մենք ոչ միայն յիշեցինք մայիս 28-ը, այլ արժանի եղանք անոր»:

Վաղուան օրը բաց էջ մըն է, որ կը սպասէ մեր պատասխանատու որոշումներուն եւ համարձակ քայլերուն:

Մայիս 28-ը յիշեցում մըն է, որ հայ ժողովուրդը անաւարտ առաքելութիւն մը ունի պատմութեան մէջ: Այդ առաքելութեան հիմքը հաւատքն է, գիտակցութիւնը, կամքն ու զոհողութիւնը:

Այսօրուան սերունդին պարտականութիւնն է այդ պատգամը  կենդանի ներկայութեան վերածել մեր առօրեային մէջ, որպէսզի մայիս 28-ը մնայ փոխանցուող պատասխանատուութիւն:

 

 

Leave a Comment