ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մեր առօրեայ կեանքին առնչուող արտասովոր երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը գտնուի հայ մարդը ընդհանրապէս: Երեւոյթ մը, որ խորապէս կը վերաբերի ազգային մեր պարունակին, հոգեկերտուածքին ու ապրելակերպին:
Խօսքը այսօրուան մասին է, յատկապէս վերջին 6-7 տարիներուն, երբ հայոց պետական վարքագիծին մէջ մենք ականատես եղանք շրջադարձային քաղաքական պահուածքի մը, մտածելու եւ գործելու եղանակի մը, որ կարծես ազդանշան ըլլար հետագայ բախտորոշ իրադարձութիւններու:
Իրօք, ճակատագրական իրադարձութիւններ, որոնք, այսպէս ըսած, կարմիր թելով մը սահմանազատեցին հայութեան մօտիկ անցեալն ու ներկան:
Մայիսի 28:
Պիտի չուզէինք երբեք, մայիսեան խորհուրդի այս պատեհ առիթով` առկայ հարցերը, մտահոգութիւնները, մտատանջութիւններն ու մտասեւեռումները դիտել ընթացիկ, պարզ ու սովորական ընկալումներու հայեցակարգով, այլապէս ալ աշխարհաքաղաքական այս կամ այն տեսանկիւնի ընդմէջէն, որպէսզի ազգային մեր ըմբռնումները, հաւատամքն ու երազները մնան անխառն ու ճշմարտացի:
Այսինքն, ըսել ուզուածը այն է, որ քաղաքական արեւելումները չեն, որ պիտի ճշդորոշեն անհատական թէ հաւաքական ուղղութիւնները, ապրելակերպերը, ներկայի ու ապագայի մեր ընելիքները, այլ` պետական մակարդակի մտածողութիւնը, ունակութիւնն ու կազմակերպուած աշխատելու կարողականութիւնը:
Ազգային կարողականութիւն, որ պարուրուած պէտք է ըլլայ համապարփակ ուժականութեամբ, ծրագրելու եւ գործելու ընդունակութեամբ եւ ամբողջ հայութեան շահերն ու իղձերը պաշտպանելու խոր գիտակցութեամբ:
Հաւաքական շահեր, որով պիտի կարենայ հայոց պետականութիւնը կեանքի կոչել համազգային տեսլականներն ու երազները: Աւելի՛ն. պիտի համարձակի քաջ ու յանդուգն ոստումներով առաջ ընթանալ եւ հպարտօրէն կանգնիլ զարգացած, ուժեղ ու գերիշխան երկիրներու շարքին:
Այո՛, ուժեղացած պետական համակարգ, որ կարենայ նաւարկել միջազգային դաւադիր յորձանուտերու մէջ, դիմակայել թշնամիներու սպառնալիքները, կարենայ ամրագրել ազգային ու պետական անվտանգութիւնը, պաշտպանական կարգն ու սարքը, անձեռնմխելի պահել գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, ազատ ապրելու իրաւունքը, բայց մանաւանդ` կարողութիւնն ու կամքը ունենայ տէր կանգնելու ինքնութեան, տեսակին, հաւաքական տենչերու եւ ազգային առանձնայատկութեան:
Դաժան մարտահրաւէր մը, որ մեզ կը տառապեցնէ դարերէ ի վեր:
28 մայիս 1918:
Զարմանալի հոգեվիճակ մը կը պատէ քեզ, երբ ազգային տօնի մը առիթով ուզես էջեր մրոտել: Աւելի՛ն. հոգեխռով մտքեր կը պատեն ամբողջ էութիւնդ, անհանգիստ կը դարձնեն յուզաշխարհդ, պարզապէս որովհետեւ հաւաքական մեր ներկան կ՛ապրի ալեկոծ օրեր, ունի պառակտեալ վիճակ եւ ենթակայ է անախորժ հետեւանքներու:
Փաստօրէն, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատները, եթէ երբեք օրին գոյութենական պայքարի եւ կտոր մը հայրենիք ունենալու ազգային երազանքին բարձրագոյն խորհրդանիշը կը պարփակէին, միւս կողմէ` հրաշափառ այս գոյամարտերը ցոյց տուին հայութեան բազուկին ու կամքին տոկունութիւնը, այլապէս թուրքին յաղթելու վճռակամութիւնը:
Յայտնապէս, հաւաքական վճռակամութիւնը, որուն փայլատակումին շունչ ու ոգի յանձանձեցին աննման ֆետայիներ, սպաներ եւ հոգեւորականներ, որոնց ներքին ուժն ու հաստատակամութիւնը, ազգային ըմբռնումներն ու պահուածքը մեծապէս նպաստեցին ժողովուրդի արթնամտութեան, հայրենասիրական զգացումին առաւել ճառագայթումին եւ թուրքին դէմ կռուելու եւ յաղթելու զգօնութեան:
Իսկ այդ զգօնութեան եւ գիտակցական մակարդակի ամրապնդումին ներշնչող աղբիւրը եղած էր անկրկնելի առանձնայատկութեամբ օժտեալ դաշնակցական գործիչ ու մեծ յեղափոխական մը` յանձին Արամ Մանուկեանի, որ շնորհիւ իր անկոտրում կամքին, հայրենապաշտի կերպարին, անսահման ժողովրդասիրութեան, հաւատքին ու կազմակերպչական տաղանդին առաջնորդեց ազգը, հայոց բանակն ու ֆետայական խումբերը, հակառակ դաժանութեամբ յագեցած կեանքին եւ պայմաններուն:
Յիրաւի, Եղեռն տեսած ու հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդի մը համար, եթէ երբեք նման յաղթանակներ հրաշքի համազօր ճշմարտութիւններ եղան, այլապէս ալ անոնք հիմը դրին հայոց պետականութեան, որուն հովանիին տակ պիտի ապրէր ազգ մը ամբողջ` ազատ ու անկախ, պիտի կարենար քաղաքակիրթ ժողովուրդներու շարքին կանգնիլ ու արժանանար մեծ պետութիւններու յարգանքին:
Մայիսեան ճակատամարտերը նաեւ դարձան հետագայ տարիներու լուսաւոր ջահերը, որոնք հոգեզինեցին հայութեան ներքին պարունակը եւ դաստիարակեցին սերունդները` տէր ըլլալու Արարատին, ինքնութեան, ազգային արժէքներուն, լեզուին ու մանաւանդ` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան մը ունենալու երազանքին:
Ճիշդ է, որ հազիւ երկու տարուան կեանք ունեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, այդուհանդերձ ամրագրեց ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ հայութիւնը կարող է իր սեփական ճակատագիրին տէրը ըլլալ, եթէ երբեք միաւորուի ու կազմակերպուի, անդրադառնայ ու համոզուի, որ հայրենիքի փրկութիւնը կը նուաճուի բացառապէս սեփական բազուկին ապաւինելով եւ զոհաբերելով ամէնէն թանկագինը:
Փաստօրէն, 108 տարի առաջ, ցեղասպանուած հայութիւնը` հայրենիք, հող ու մշակութային հարստութիւն կորսնցուցած, վերատիրացաւ իր համամարդկային ու ազգային արժէքներուն շնորհիւ ապրելու կամքին ու անկրկնելի ղեկավարութեան:
Քաղաքական, զինուորական ու հոգեւոր ղեկավարութիւն, որոնք անցնելով հանդերձ ընկրկումներէ, հիասթափութեան պահերէ եւ բարոյահոգեբանական վատ հոգեվիճակներէ, որոշեցին չենթարկուիլ գերհզօր ներքին ու արտաքին ճնշումներուն, կազմակերպուիլ, միաւորուիլ ու դէպի ճակատներ սլանալով` կռուիլ թուրքին դէմ, որ կ՛ուզէր իր հայաջինջ ծրագիրը լրումին հասցնել:
Օրին բարբարոս թուրքը չյաջողեցաւ իրականացնել արիւնարբու, մարդակերի իր ծրագիրը: Հայութիւնը վերատիրացաւ իր քաղաքական անկախութեան, կերտեց բանակ ու պետական կառոյց, ունեցաւ Եռագոյն եւ հայեացքը ուղղեց դէպի ապագայ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումով` Հայաստան վերանկախացաւ, իսկ շնորհիւ աննման տղոց եւ սպարապետներու անգին զոհողութեան, նուիրումին եւ մարտնչելու կամքին հայութիւնը կրցաւ ազատագրել Արցախ աշխարհը:
Հայ քաղաքական ու պետական միտքը վերաշնչաւորեց ինքզինք, փորձեց դուրս գալ խորհրդայնացած ապրելակերպէ եւ լծուեցաւ ազգային ու պետական կեանքի հունաւորման` իր թիկունքին ունենալով սփիւռքահայութեան նիւթաբարոյական նեցուկը, գուրգուրանքն ու անմնացորդ աջակցութիւնը:
Այդուհանդերձ, երեսուն տարուան անկախութեան ընթացքը ունեցաւ ելեւէջներ ու խաղքութիւն: Հայ պետական կարգն ու սարքը, այրերը, չկրցան յաղթել ներքին թշնամիներու` փտածութիւն, կաշառակերութիւն, չարաշահում եւ այլն, աւելի՛ն. անոնք սայթաքեցան եւ ենթակայ դարձան իշխանատենչ որոգայթներու:
Վրայ հասաւ իշխանափոխութիւնը (2019), որ յոյսեր սերմանեց, երազներ հիւսեց եւ ապագայակերտի իր ծրագիրները ողջ հանրութեան փոխանցեց:
Դժբախտաբար, յոյսեր, որոնք ի դերեւ ելան, երազներ, որոնք սին ու տկլոր խօսքերով պարուրուեցան իսկ, այսպէս ըսած, ծրագիրները` այլանդակուեցան ու պատուհաս դարձան հայութեան գլխուն:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ հայը տարուեցաւ իր խեղճացած առօրեայով, խաբուեցաւ շռայլամիտ մարդոցմէ, որոնք կանգնած էին հայ պետականութեան գլխին, իր քուէն տուաւ անոնց, որոնք նախ` ոտնակոխեցին ազգային ամէն արժէք, ուրացան սեփական պատմութիւն, ծախեցին նահատակներու սուրբ արիւնը, աճուրդի հանեցին ազգային խորհրդանիշեր` Արարատ, Սահմանադրութիւն, մշակոյթ, լեզու, Եռագոյն, բանակ, հող ու հայրենիք, մոռացութեան տուին պապենական հողը` Արցախը, եւ առանց խպնանքի, ամօթի եւ վարանումի` ընթացք տուին իրենց սադայէլական մտքերուն եւ թաքուն-բացայայտ ծրագիրներուն:
Փաստօրէն, հայրենի պետութեան գլխուն կանգնած ներկայի ապիկար, խենեշ ու անբովանդակ գործիչները, ինչ-ինչ բացատրութիւններով «յաջողեցան» պահել իրենց իշխանութիւնը, պարզապէս հաճոյանալով առաջին հերթին` միամիտ հայերու, ապա` թուրք-ազերի իշխանութիւններու:
Անոնք ի գործ դրին իրենց «հանճարեղ»-ի պահուածքն ու թուլամորթութիւնը, այլապէս դիւրամատչելի դառնալու արեւմուտքին ու «հայասէր» թուրքին:
Եւ ամէնէն վտանգաւորն ու սահմռկեցուցիչը այն է, որ անոնք` այս տիպի պետական գործիչները, ցաւ ի սիրտ, յաջողեցան (տոկոսային առումով) հայ հերոսի կերպարը նսեմացնել, մերօրեայ հայ ազատամարտիկի պատկերը աղաւաղել, նահատակներու յիշատակը խծբծել, որպէսզի իրենց թրքասիրութիւնը քողարկեն, ազերի թշնամիին հետ խաղաղասիրութեան թանկոն պարեն եւ իրենց հաճոյասէր-հեշտասէրի խառնուածքը հրամցնեն:
Իսկ անոնց պատճառաբանութիւնը, այսպէս ըսած, «իրական Հայաստան» մը պահելու եւ աշխարհաքաղաքական նկրտումներէ հեռուն մնալն է:
Արդ, զարմանալին եւ ապշեցնողը այն է, որ տակաւին կան հայեր (թէեւ սիրելի, բայց միամիտ), որոնք կը շարունակեն հաւատալ նմանօրինակ տզրուկներու:
Անոնք, օրն ի բուն, կը փորձեն համոզել մեզ, որ կասկածելի անցեալով այս մարդուկը, որ ի բնէ «օժտուած» է ջղագարութեամբ, անհաւասարակշիռ պահուածքով եւ ապազգային մտածումներով` իբր թէ կ՛առաջնորդէ հայութեան փոքրիկ նաւը դէպի ապահով մատոյց:
Թէ ինչո՛ւ չենք կրնար կամ չենք ուզեր ապրիլ Սարդարապատի կամքով, պարզապէս որովհետեւ տժգոյն կազմաւորումով մարդուկը, թէեւ անարժանաբար, սակայն նոյնինքն հայու քուէով բազմած է հայոց խեղճացած գահին: