Քոչարեանը Կրկին Պնդեց, Թէ Իշխանութիւնը Կը Փճացնէ Յարաբերութիւնները Դաշնակիցի Հետ

«Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոթերթ Քոչարեան քարոզարշաւի 17-րդ օրը Էրեբունիի մէջ ելոյթ ունենալով մեղադրեց իշխանութիւնները` խոստումները չկատարելու համար, յայտարարեց, թէ «ով որ կը քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի օգտին, կը քուէարկէ Ալիեւի օգտին»: «Այս քաղաքական խումբի անդամները քաղաքական խարդախներ են. խաբած են մեր ժողովուրդը, ըսած են մէկ բան, կատարած են ճիշդ հակառակը», յայտնեց Քոչարեան` աւելցնելով, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը «հետեւողական քայլերով կը փճացնէ յարաբերութիւններն դաշնակիցի հետ»` նկատի ունենալով Ռուսիան:

Leave a Comment