ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Այսօր` Ֆութպոլի Աւարտականները Երկուշաբթի Օր` Պասքեթպոլի Աւարտականները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի այս տարեշրջանի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցաշարքերը այս շաբաթավերջին կ՛աւարտին:

Այսօր ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենան ֆութպոլի աւարտականի եւ 3-րդ դիրքի մրցումները` իրենց երեք կարգերով:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աղջկանց խումբը աւարտական մրցումին պիտի մրցի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին դէմ:

Նոյն ժամուն, 3-րդ դիրքի մրցումին, Բ. դաշտին վրայ Ազգային միացեալ վարժարանի աղջկանց խումբը պիտի մրցի ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու խումբին դէմ:

Յետմիջօրէի ժամը 12:15-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի փոքր տղոց խումբը աւարտականի մրցումին պիտի մրցի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի խումբին դէմ: Նոյն ժամուն, Բ. դաշտին վրայ, 3-րդ դիրքին համար պիտի մրցին Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի փոքր տղաքը` ՀԲԸՄ-ի վարժարանին դէմ:

Յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին, մեծ տղոց աւարտականին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պիտի մրցի Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին դէմ, իսկ 3-րդ դիրքի մրցումին, նոյն ժամուն, Բ. դաշտին վրայ, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը պիտի մրցի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին դէմ:

Երկուշաբթի օր տեղի պիտի ունենան պասքեթպոլի տղոց եւ աղջիկներու փոքր եւ մեծ խումբերու աւարտական մրցումները, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ:

Ժամը 9:30-ին, փոքր աղջիկներ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան ընդդէմ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան:

Ժամը 10:45-ին, փոքր տղաք – ՀԲԸՄ վարժարաններ ընդդէմ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան:

Ժամը 12:00-ին, մեծ աղջիկներ – Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան ընդդէմ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան:

Ժամը 13:30-ին, մեծ տղաք –  Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան ընդդէմ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան:

Leave a Comment