Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը կը շարունակուի այս շաբաթավերջին, երբ տեղի ունենան 20-րդ հանգրուանի մրցումները:
Վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Ռիատին:
Ռիատի իր 19 մրցումներուն ալ կրցած է յաղթանակ ապահովել, ինչպէս նաեւ մասնաւոր փոփոխութիւն չէ կատարած իր խումբին մէջ` ձեռք ձգելով Քուաթ Նոյը եւ Մարքուս Հանթը, որ անցեալ տարեշրջանին ալ մասնակցած էր Ռիատիի հետ:
ՀՄԸՄ-ի պարագային Ճորտըն Սթիվընզ վերադարձաւ խումբ, մինչ Մաքենզի Մուր եւ եգիպտացի «հսկայ» Համատ Ֆաթհի (233 սմ) եղան նոր օտարները:
Լիբանանցի մարզիկներու պարագային, Ահմետ Իպրահիմ այժմ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, մինչ Այզաք Այյուպի` Աւստրալիա:
Խումբ վերադարձած է Մոհամետ Հոթէյթ Քարիմ Սալամի, Ազիզ Ապտելմասիհի, Թանիոս Աքիքիի եւ Փիթըր Տեքերմենճեանի հետ, որոնց միացաւ նաեւ ազգային խումբի մարզիկ Պրայըն Սալեհ:
Խումբը փոփոխութիւններ կրած է եւ դժուար մրցակիցի մը դէմ առաջին մրցումին յուսանք լաւ արդիւնք արձանագրէ:
Պէտք է ըսել, որ բոլոր խումբերը նոյն վիճակին մէջ կը գտնուին, օտարներու պարագային գրեթէ փոփոխութիւններ կրած են եւ միայն վերջերս փորձերու սկսան:
Մեծ թիւով համակիրներ կը սպասուին մեր դաշտին վրայ, մանաւանդ որ փոխադրակառքեր ալ տրամադրուած են, որոնք ժամը 3:00-էն սկսեալ պիտի փոխադրեն համակիրները Պուրճ Համուտի հրապարակէն, Ռաուտայէն եւ Ֆանարէն:
Կը սպասուի, որ համակիրները ըլլան 6-րդ մարզիկը, անոնք գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծելով պիտի վերակենդանացնեն Լիբանանի պասքեթպոլի աշխուժ մթնոլորտը` խումբը առաջնորդելով դրական արդիւնքի: