Ակնարկ. Խառնածին Գրոհ` Ներքին Կարգով

Արդի քաղաքագիտութիւնը խառնածին (հիպրիտային) գրոհ բնութագրումով կը բնորոշէ բազմաշերտ յարձակումները, ուր միաժամանակ կ՛օգտագործուին տարբեր միջոցներ եւ տարբեր եղանակներ, ռազմականին առընթեր:

Խառնածին յարձակումները կրնան ներառել  ռազմական գործողութիւններ, համացանցային յարձակումներ, ապատեղեկատուութիւն, տնտեսական ճնշում, քաղաքական ազդեցութիւն, ընկերային անկայունութեան հրահրում, յատուկ ծառայութիւններու գաղտնի գործողութիւններ:

Այս ձեւակերպումը ընդհանրապէս կ՛օգտագործուի այլ պետութեան մը կողմէ իրականացուած գործողութիւններուն համար: Սակայն, գործողութիւններու բնութագրումը կարելի է ընկալել նաեւ ներքին կարգով` այս պարագային գործող իշխանութիւններուն կողմէ ուղղուած ընդդիմադիր ուժերուն դէմ: Յատկապէս նախընտրական ժամանակաշրջանին:

Յայտնաբար գործող իշխանութիւնները իրենց խաղաթղթային շտեմարանին մէջ պահած են նախագիծ մը այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կրնան ազդել հասարակութեան եւ անոր ընտրական կողմնորոշումներուն վրայ:

Հռետորաբանական սպառնալիքները, օգտագործուող անպատշաճ բառապաշարը, քննադատութեամբ հանդէս եկողները բերման ենթարկելն ու կալանաւորելը եւ բոլոր կարմիր գիծերը անցած հրապարակային ածականները, հայհոյանքն ու վախի մթնոլորտի ստեղծումը ծրագրաւորուած են եւ ունին յստակ նպատակ: Բազմացնել քուէարկութեան չմասնակցելու որոշում կայացուցածներու զանգուածը: Իսկ չմասնակցողներու քանակի բազմապատկումը, քուէներու փոշիացման երեւոյթը տարածելով նպաստած կ՛ըլլայ տուեալ ուժին, որ առաջադրած է ապահովել մասնակցութեան նուազագոյն համեմատութիւն:

Եկեղեցւոյ, ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ վարկաբեկման հոլովակներ, արհեստական բանականութեամբ յօրինուած պատումներ, վիրաւորական ծաղրանկարներ եւ նման արտադրութիւններ կը վխտան  ընկերային ցանցերու ամէն տիպի հարթակներուն վրայ` հասարակութիւնը ապակողմնորոշելու առումով:

Շարունակենք խառնածին գրոհի այլ բաղադրիչներու նշումը: Համապատասխան ծառայութիւնները յանկարծ, ընտրութիւններէն քանի մը շաբաթ առաջ կը գաղտնազերծեն «տուեալներ», պետական դաւաճանութեան ամէնէն ծանր մեղադրանքներով ամբաստանելու համար ընդդիմադիր ուժերէն մէկուն ընտրացուցակին առաջին տեղերը գրաւած գործիչ մը: Մինչ, կը խոստանան խլել եւ պետականացնել աշխատաշուկայի կարեւորագոյն գործարաններ, որոնց սեփականատէրը ընդդիմադիր դաշտին մաս կազմող եւ ըստ հարցախոյզերուն նկատառելի ուժ ներկայացնող կուսակցութեան նախագահն է:

Կառավարական այս գրաւումները, խստացուող` ընտրութիւններու նախաշեմին, խառնածին գրոհին ներառուած կէտեր են` ընկերային անկայունութիւն յառաջացնելու տեսակէտէն: Իսկ եթէ թիրախաւորուած գործարանը, հարկերու հետ կապուած լուրջ խնդիրներ ունէր, ապա մինչեւ ընտրութիւններ պիտի բացայայտուէին այդ բոլորը եւ ենթարկուէին համապատասխան իրաւական դասաւորումներուն:

Ընդդիմադիր այլ ուժի առաջնորդին նկատմամբ գործող վարչապետը, որ սկզբունքով համահաւասար թեկնածուի կարգավիճակ պիտի ունենար, կը խոստանայ երկարաժամկէտ բանտարկութեան ենթարկել գլխաւոր մրցակիցը: Այդպէս. վճռօրէն, ստանձնելով իրաւապահ մարմիններու եւ արդարադատութեան պատասխանատու հիմնարկներու դերը: Քաղաքական ճնշում, ըստ խառնածին գրոհի սահմանումին:

Այս բոլոր կանոնազանցումներուն, հակասահմանադրական յայտարարութիւններուն, սպառնալիքներուն եւ վախի մթնոլորտի ձեւաւորումով մասնակիցներուն քանակը նուազեցնելու խառնածին գրոհին, ո՛չ իրաւապահ մարմինները, ո՛չ սահմանադրական դատարանը եւ ո՛չ ալ միջազգային համապատասխան կառոյցները գնահատական տալ չեն ուզեր:

Բացակայող գնահատականները կրնան խստագոյն գնահատականի եւ վերաբերումի արժանանալ 7 յունիսին, եթէ ժողովուրդը գիտակցութիւնը ունենայ եւ կամք դրսեւորէ իր դէմ կիրարկուող խառնածին գրոհը կասեցնելու:

«Ա.»

Leave a Comment