Վիքթոր Ուիմպանեամա 41 կէտ եւ 24 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Տիլըն Հարփըր 24 կէտ ձեռք ձգեց եւ 7 սթիլ կատարեց` օգնելով Սան Անթոնիօ Սփըրզին, որ 122-115 արդիւնքով յաղթէ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին, Արեւմտեան շրջանի աւարտականի առաջին ճակատումին:
«Ուեմպի» 2 տանքերով աւարտեց մրցումը, որուն ընթացքին դիմուեցաւ 2 երկարաձգումներու: Սթեֆըն Քեսըլ (17 կէտ), Տեվըն Վեսըլ եւ Քելտըն Ճոնսըն 13-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Սփըրզի, որ առանց Տը՛Արոն Ֆոքսի (վիրաւոր) խաղցաւ, բայց յաղթեց: 22 տարեկան եւ 134 օրեր ունեցող Ուեմպի եղաւ պատմութեան ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ փլէյ օֆի մրցումի 40 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ: Վերջին անգամ Քարիմ Ապտուլ Ժապպար 22 տարեկան 343 օր էր, երբ 40 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 1970-ին:
Ալեքս Քարուսօ 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի, որ 9 յաջորդական մրցումներէ ետք պարտութիւն կրեց փլէյ-օֆի մրցումներուն գծով:
Պէտք է ըսել, որ Սփըրզ այս տարեշրջանին 5-րդ անգամ ըլլալով կը յաղթէր Օքլահոմայի 6 ճակատումներէ ետք: