«Սարդարապատ» Բարձրացաւ Բարձրագոյն Դասակարգ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Արմաւիրի «Սարդարապատ» ֆութպոլի խումբը պատմական յաջողութեան հասաւ եւ ակումբի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգ` «Փրեմիեր լիկ»:

Ա. դասակարգի (Բ. դասակարգ Հայաստանի մէջ) նախավերջին հանգրուանին, «Սարդարապատ» 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր անմիջական մրցակից «Սիւնիք»-ին եւ կէտերու առաւելութիւնը բարձրացուց 9-ի:

Նկատի ունենալով, որ Երեւանի բանակայիններու երկրորդ խումբը «Փրեմիեր լիկ» բարձրանալու նպատակ չունի, եւ որ արդէն 6 կէտերով ետ կը գտնուի «Սարդարապատ»-էն, այս վերջինը պիտի բարձրանայ:

Հանդիպումի գլխաւոր հերոսներն էին «Սարդարապատ»-ի յառաջապահ զոյգը` Համլեթ Մինասեան եւ Լեւոն Վարդանեան, որոնք ակումբին կոլսքորըրներն են, նշանակեցին կոլերը: Երկու մարզիկներն ալ նախապէս եղած են Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի անդամներ:

Մինասեան յատկապէս շատ լաւ եղանակ մը կը բոլորէ եւ արդէն իսկ նշանակած է 28 կոլ: Վարդանեան 18 կոլ նշանակած է: Այս զոյգին պատճառով է, որ «Սարդարապատ» կրցաւ բարձրանալ:

Աւելի կանուխ, ակումբը արդէն իսկ ձեռք ձգած էր «Փրեմիեր լիկ»-ին մասնակցելու արտօնագիր եւ այժմէն իսկ կը ծրագրէ յառաջիկայ տարեշրջանին մասնակցելու «Փրեմիեր լիկ»-ին:

«Սարդարապատ» հիմնուած էր 2021-ին` Ֆրանսայէն ժամանած հայերու կողմէ, եւ մինչեւ այս տարեշրջանը կը մասնակցէր պատանիներով: Այս տարեշրջանէն ակումբը արհեստավարժ մակարդակով կը մասնակցէր առաջին անգամ ըլլալով եւ արդէն իսկ առաջին փորձէն բարձրացաւ «Փրեմիեր լիկ»:

Այսպիսով, Արմաւիր յաջորդ տարեշրջանին ներկայացուցիչ պիտի ունենայ հայկական ֆութպոլի լաւագոյններու կողքին, իսկ «Սարդարապատ» նոր էջ բացաւ իր պատմութեան մէջ:

 

 

Leave a Comment