Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. Սթարմըր Համաձայն Է Վարչապետի Պաշտօնը Լքելու, Սակայն Կ՛ուզէ Իր Պայմաններով Հրաժարական Տալ

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր իր մերձաւորներուն յայտնած է, թէ մտադիր է հրաժարիլ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը:

«Ան կը հասկնայ, որ ներկայ քաոսը անկայուն է: Ան պարզապէս կ՛ուզէ ատիկա ընել արժանապատիւ կերպով եւ այնպէս, ինչպէս յարմար կը տեսնէ: Ան ժամակացոյց պիտի կազմէ», աղբիւրները յայտնած են օրաթերթին:

Կը նշուի, որ իր լիազօրութիւնները վար դնելու մասին հաւանական յայտարարութեան թուականը կը մնայ անյայտ, որովհետեւ Սթարմըրի բարձրաստիճան զինակիցները զինք կը համոզեն սպասելու Մեծ Մանչեսթըր կոմսութեան Մէյքըրֆիլտ ընտրատարածքին մէջ Բրիտանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատի` Համայնքներու պալատի լրացուցիչ ընտրութիւններու հարցախոյզերու առաջին արդիւնքներուն եւ քուէներու հաշուարկին:

Աշխատաւորական հանրածանօթ քաղաքական գործիչ Էնտի Պեռնըմ պիտի փորձէ այս ընտրատարածքին մէջ երեսփոխան ընտրուիլ: Յաղթանակի պարագային ան պիտի դառնայ Համայնքներու պալատի պատգամաւոր, ինչ որ անոր պիտի արտօնէ մարտահրաւէր կարդալ Սթարմըրին եւ յաւակնիլ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին: Հասարակական կարծիքի հարցախոյզերը Պեռնըմը կը կոչեն ամէնէն ուժեղ թեկնածուներէն մէկը, որ ունակ է Սթարմըրը տապալելու:

Մէկ այլ աղբիւրի համաձայն, Սթարմըր չ՛ուզեր ռիսքի դիմել, որովհետեւ լրացուցիչ ընտրութիւններուն մէջ հաւանական պարտութիւնը չափազանց մեծ նուաստացում պիտի ըլլար:

Բրիտանիոյ մէջ քաղաքական ճգնաժամը սկսաւ 7 մայիսին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք: Անոնց հիմամբ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կորսնցուց Կալեսի խորհրդարանին վրայ իր վերահսկողութիւնը:

Անգլիոյ տարբեր օրէնսդիր մարմիններու մէջ աշխատաւորականները ապահոված են 1400 նուազ ներկայացուցիչներ, քան նախապէս ունէին: Սթարմըր իր վրայ վերցուցած է ընտրութիւններուն մէջ կրած ձախողութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն մերժած է հեռանալ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարի եւ Բրիտանիոյ վարչապետի պաշտօններէն:

«Սքայ Նիուզ»-ի տուեալներով` իշխող կուսակցութեան արդէն աւելի քան 90 երեսփոխաններ զօրակցած են Սթարմըրի պաշտօնէն հեռանալուն: Անցեալ հինգշաբթի օր հրաժարական տուած է առողջապահութեան նախարար Ուես Սթրիթինկ: Ան յայտարարած է, որ այդ քայլին դիմած է, որովհետեւ կորսնցուցած է Սթարմըրի նկատմամբ վստահութիւնը: Լրատուամիջոցները Սթրիթինկը կը դասեն անոնց շարքին, որոնք կրնան Սթարմըրը տապալել փորձել:

Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարի փոփոխութեան գործընթացը սկսելու համար անհրաժեշտ է, որ Համայնքներու պալատի աշխատաւորական երեսփոխաններէն մէկը, ստանալով խմբակցութեան անդամներու 20 առ հարիւրին` այս պահուս 81 երեսփոխաններու աջակցութիւնը, համապատասխան դիմում ներկայացնէ գրաւոր կերպով կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարին: Ատկէ ետք, կուսակցութեան անդամները կը քուէարկեն իրենց նախընտրած թեկնածուին: Իշխող կուսակցութեան նոր ղեկավարը ինքնաբերաբար կը դառնայ կառավարութեան ղեկավար` առանց երկրին մէջ ընդհանուր ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեան:

Leave a Comment