2026-ի Ասիոյ ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 110 քիլոկրամէն վեր կշիռի ախոյեան դարձաւ Գոռ Մինասեան:
Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող ախոյեանութեան, Հայաստանէն մեկնած Գոռ Մինասեան, որ Պահրէյնը կը ներկայացնէ 31 տարեկանին, երրորդ անգամ ըլլալով իր ասպարէզին մէջ դարձաւ Ասիոյ ախոյեան:
Մինասեան երկամարտի արդիւնքով 457 քկ արդիւնք ձեռք ձգեց: Անոր գլխաւոր մրցակիցն էր Իրանի ներկայացուցիչ Ալերեզա Եուսեֆի, որ տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ էփոլէ ժըթէի մրցումին բարձրացնելով 261 քկ, որ աշխարհի նոր մրցանիշ էր: Սակայն Մինասեան արաշէի մրցումներուն աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց` ետին ձգելով Եուսեֆին:
Համեմատութիւն եթէ կատարենք, Մինասեանի արդիւնքը Ասիոյ ախոյեանութեան 6 քկ աւելի բարձր էր, քան Վարազդատ Լալայեանի երկամարտի արդիւնքը, որուն շնորհիւ Լալայեան դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան:
Նշենք, որ այս արդիւնքներով Մինասեան եւ Լալայեան կը նկատուին գերծանր կշիռի աշխարհի լաւագոյն ծանրաբարձներէն: