Արեւմտահայերէն լուրեր 19 Մայիս. 2026

• Առաջին անգամ Հայաստանէն միլիոնաւոր տոլարներու հասնող հայրենական արտադրութեան զէնք արտահանուած է. նախարար Մխիթար Հայրապետեան։

• ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական պատուիրակութեան ղեկավարը Մայիս 22-23-ին Երեւան պիտի գտնուի։

• Թրամփ Պարսից ծոցի երկիրներուն խնդրանքով երկու-երեք օրով Իրանի դէմ յարձակումը յետաձգած է։

• Թրամփէն յետոյ Պէյճինկ կը հասնի Փութին։

• Գերմանիան Patriot Հակաօդային պաշտպանիչ ստորաբաժանում պիտի ուղարկէ Թուրքիա՝ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան թեւը զօրացնելու։

• Երկու դեռահասներ կրակած են Սան Տիեկոյի մզկիթին. զոհեր կան։

• 24 մասնակից՝ 11 երկրէն. Երեւանի մէջ Արամ Խաչատրեան անուան միջազգային մրցոյթին մասնակցելու համար։

Leave a Comment