«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Նախաձեռնութեամբ` Լիբանանահայ Աշակերտները Մասնակցեցան Հայաստանի Մէջ «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Հանրապետական Մրցաշարքին

Նորահաս սերունդներու կազմաւորման աշխատանքը ներկայիս բաւական դժուարացած է: Արհեստագիտական նորարարութիւնները ներկայ սերունդներուն մօտ ստեղծած են նոր հետաքրքրութիւններ եւ յաճախ կը լուսանցքայնացնեն անոնց մտածումի ու առողջ քննարկումի կարողականութիւնը: Միջավայրը սկսած է պարտադրել նոր երեւոյթներ, ու այս կացութեան մէջ քննական մտքի զարգացումը շատ կարեւոր է, որպէսզի ներկայ սերունդը պարզապէս գերին չդառնայ իրեն հրամցուած, շատ յաճախ աղաւաղուած տեղեկութիւններուն ու բարքերուն եւ փորձէ իր սեփական մտածումի յառաջացման ճամբով ըսելիք  ու ընելիք ունենալ:

Այս ծիրին մէջ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» երիտասարդական բանավէճի ծրագիրը կարեւոր փորձ մըն է քննական մտքի զարգացման, մտքերու առողջ բանաձեւման, ինչպէս նաեւ տեսակէտներու պարզաբանման ու հմտութիւններու ձեռքբերման առումով:

Անցնող ամիսներուն, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի մասնաճիւղը «Ճինիշեան»  եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկներուն  հովանաւորութեամբ, կազմակերպեց «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» (ԵԸՄ) բանավէճի մրցանքին լիբանանահայ աշակերտներու մասնակցութիւնը: Արդարեւ, հայկական վարժարաններէ յիսուն աշակերտներ վարժողական ծրագիրներով եւ զտումի մրցանքներով պատրաստուեցան այս կարեւոր ծրագիրին: Մասնագէտներու խումբ մը ղեկավարեց այս աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ակադեմական դատական կազմ մը կատարեց աւարտական փուլի մասնակցող աշակերտներու ընտրութիւնը:

Երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2026-ին, աշակերտական բանավէճի աւարտական փուլի խումբը, բաղկացած` վեց աշակերտներէ, մեկնեցաւ Երեւան` ընկերակցութեամբ հիմնարկի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանի եւ ծրագիրի պատասխանատուներուն:  Անոնք դիմաւորուեցան Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի ԵԸՄ ծրագիրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեանի եւ հիմնարկի անձնակազմին կողմէ:

Հայաստան մեկնելու այս ծրագիրը ինքնին կարեւոր էր եւ առիթ ընծայեց լիբանանահայ աշակերտներուն` դասաւանդութեանց ճամբով իրենց փոխանցուած տեղեկութիւններու կենդանի վկայութիւնը ապրելու ու շնչելու հարազատ հողին վրայ, ինչպէս նաեւ` հաղորդակցելու հայրենիքի եւ տարբեր միջավայրերու մէջ կազմաւորուած սերնդակիցներու հետ:

Երեք օրերու ընթացքին աշակերտները կատարեցին փորձ-մարզումներ Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի գրասենեակին մէջ` մասնակցելու հանրապետական բանավէճի մրցաշարքին:

–  Ուրբաթ, 1 մայիսին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի կազմակերպած եռօրեայ «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» ծրագիրի աշակերտական բանավէճի աւարտական մրցաշարքը:

Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Զարա Համբարձումեան, որ ողջունելով բոլոր մասնակիցները` անդրադարձաւ  բանավէճի մրցում-խաղի օրէնքներուն եւ ապա յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Ծրագիրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեան անդրադարձաւ ծրագրի 22-ամեայ յաջողութիւններուն` ողջունելով Ջաւախքի եւ Լիբանանի մասնակիցները: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային այս ծրագիրը կը դառնայ համահայկական, եւ անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն սփիւռքի բոլոր համայնքները:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկի Հայաստանի գրասենեակին այս իւրայատուկ առիթին համար, որուն միջոցով լիբանանահայ աշակերտները անգամ մը եւս կարելիութիւն ունեցան այցելելու հայրենիք, կապ հաստատելու հայրենակիցներուն հետ եւ ձեռք բերելու եզակի փորձառութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանահայ վեց աշակերտները Լիբանանի պատերազմական թէժ պայմաններու մէջ պատրաստուեցան այս ծրագիրին մասնակցելու: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ լիբանանահայ աշակերտները իրենց առօրեային մէջ մնայուն կերպով կապի մէջ կ՛ըլլան մայր հայրենիքին հետ` իրենց դասագիրքերուն եւ Հայոց պատմութեան ճամբով, իսկ այս այցելութեամբ անոնք իրականացուցին երազ մը` տեսնել հայրենիքը եւ կապ հաստատել իրենց քոյր-եղբայրներու հետ: «Թող այս ծրագիրը առիթ հանդիսանայ ամրապնդելու հայրենիք-սփիւռք անքակտելի կապը», եզրափակեց ան:

Ջաւախահայութեան ներկայացուցիչ Արմէնուհի Պետրոսեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ վրացահայ գաղութին համար պատիւ եւ ուրախութիւն է մասնակցիլ այս բարձրորակ եւ շինիչ ծրագրին:

Տասնվեց խումբեր մասնակցեցան առաջին փուլի երկու բանավէճերուն հետեւեալ թեմաներով`

Ա) Դպրոցին մէջ աշակերտներու կողմէ արհեստական բանականութեան կիրարկումը պէ՞տք է արգիլուի:
Բ) «Համաշխարհային ջերմացումը» մարդկային գործունէութեան հետեւանք է:

Լիբանանի երկու խումբերը մասնակցեցան երկու թեմաներու  բանավէճերուն հետեւեալ խմբաւորումով`

Պէյրութ 1
1) Անթոնի Սահէունի` Ազգային Միացեալ վարժարան
2) Նարեկ Տէր Սարգիսեան` Ազգային Միացեալ վարժարան
3) Էլենա Ապու Ռժէյլի` Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարան, Այնճար

Պէյրութ 2
1) Քրիստել Գազանճեան` Ազգային Յառաջ-Կիւլպէնկեան վարժարան, Այնճար
2) Լեթիսեա Փաչանեան`  Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան
3) Սագօ Պոյաճեան` Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան

Երկու խումբերը պատուաբեր  արդիւնքներով անցան երկրորդ փուլի մրցաշարքին:

Ծրագիրի պատասխանատուները, բանավէճերու դատական կազմերը եւ ներկաները բարձրօրէն գնահատեցին Լիբանանի բոլոր մասնակիցներուն մասնագիտական, ազդեցիկ եւ տպաւորիչ ելոյթները:

–  Շաբաթ, 2 մայիսին բանավէճի երկրորդ փուլը շարունակուեցաւ Երեւանի ամերիկեան համալսարանին մէջ` «ՄԱԿ-ը չի համապատասխաներ արդի մարտահրաւէրներուն» եւ «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Թուրքիոյ տայ Եւրոպական Միութեան մասնակցելու կարգավիճակ» թեմաներով: Լիբանանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի «Պէյրութ 1» եւ «Պէյրութ 2» խումբերը բանավիճեցան ԱՅԲ (Երեւան 2) եւ Երեւան 4 դպրոցներուն դէմ:  Բանավէճերը աւարտեցան ի նպաստ Երեւանի դպրոցներուն: Երեկոյեան մասնակիցները «Հրազդան» պանդոկին մէջ ունեցան հաւաքական խրախճանք` սերտացնելով իրենց ծանօթութիւնները եւ կապերը:

–  Կիրակի, 3 մայիսին աւարտական փուլը տեղի ունեցաւ «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ: «ՄԱԿ-ը չի համապատասխաներ արդի մարտահրաւէրներուն» նիւթով դէմ եւ թեր բանավիճեցան Երեւանի ԱՅԲ դպրոցի եւ Երեւանի 4 դպրոցի աշակերտները: Խաղը աւարտեցաւ ԱՅԲ դպրոցի յաղթանակով:

Աւարտին խօսք առաւ Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Արմէն Յակոբեան, որ անդրադարձաւ այս ծրագիրի կարեւորութեան եւ ձեռք բերած յաջողութիւններուն: Ան գնահատեց բոլոր մասնակիցները` շեշտելով ծրագիրի ընդլայնումը, ի մասնաւորի Լիբանանի մասնակիցներուն մէջ Այնճար հայաւանի մասնակցութիւնը:  Արմէն Յակոբեան շեշտեց այս ծրագրի կարեւորութիւնը` պատասխանատու եւ շրջահայեաց ղեկավարներ պատրաստելու համար:

Ապա խօսք առաւ Քրիստին Դանիէլեան- Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ այս ծրագիրի միջոցով ձեռք բերուած  իւրայատուկ փորձառութեան եւ լիբանանահայ աշակերտներու ձեռք բերած հիմնական հմտութիւններուն ու ապրած անմոռանալի պահերուն: Ան աւելցուց, որ այս ծրագիրը,  Լիբանանի գրասենեակի այլազան ծրագիրներու կողքին, շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ անմիջականօրէն առնչուած է պատրաստելու պատասխանատու եւ գիտակից սերունդ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց` «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեանին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Հայաստանի գրասենեակին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, որոնց քաջալերանքով եւ աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրագործել այս շատ կարեւոր ծրագիրը: Ծրագիրը աւարտեցաւ վկայագիրներու, յուշանուէրներու եւ մետալներու բաշխումով:

Յաջորդ օրը աշակերտները այցելեցին Գեղարդ, Գառնի, Գառնիի Քարերու սիմֆոնիա, Սեւանավանք եւ «Մայր Հայաստան» արձան:

–  5 մայիս 2026-ին Լիբանանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի` Հայաստանի հանրապետական բանավէճին մասնակցած խումբը ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ` յարգելու յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն: Անոնք վերանորոգեցին իրենց ուխտը` վառ պահելու նահատակներուն յիշատակը եւ շարունակելու իրենց ժողովուրդի արդար պահանջատիրութիւնը: Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի Եռաբլուրի Նահատակաց պանթէոն` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Արցախի պաշտպանութեան իրենց կեանքերը նուիրաբերած մեր հերոս նահատակներուն: Կէսօրուան դադարէն ետք խումբը այցելեց Սաղմոսավանք եւ Օհանավանք:

–  Չորեքշաբթի, 6 մայիսին աշակերտները այցելեցին «Դէպի Հայք» (Պըրթրայթ Արմինիա) կազմակերպութիւն` մօտէն ծանօթանալու ծրագիրի պայմաններուն եւ մանրամասնութիւններուն: Ապա անոնք  ուղղուեցան Էջմիածին մայր տաճար, որմէ ետք` «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» դպրոց, եւ մասնակցեցան հոն կազմակերպուած  «Հետազօտող պատանիներ»-ու ակումբի աշխատանոցին:  Կէսօրէ ետք խումբը այցելեց Խոր Վիրապի Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

–  Հինգշաբթի, 7 մայիսին լիբանանահայ աշակերտները վերադարձան Լիբանան հարուստ փորձառութիւններով եւ քաղցր յիշատակներով:  Վստահաբար անոնք մի՛շտ պիտի վերյիշեն հայրենիքի մէջ անցուցած իրենց օրերը ու իրենց փորձառութիւնը բաժնեկցին նաեւ իրենց դասընկերներուն հետ:

Leave a Comment