Պասիլ. «Կարելի Չէ Առանց Հըզպալլայի Հետ Փոխըմբռնման Բանակցիլ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ անցնող երկու տարիները 1948 թուականէն ի վեր Լիբանանը իր աղէտներով հարուածող պատերազմին կրկնութիւնն էին:

Պասիլ «Արապի Փլաս» հարթակին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Պատերազմները դադրեցնելու պատասխանատուութիւնը ունինք, սակայն Իսրայէլն է, որ պատերազմները կը շղթայազերծէ, եւ անոր աջակցող ու զայն քաջալերող բազմաթիւ դերակատարներ կան»:

Երեսփոխանը ըսաւ, որ 1948-ին, 1967-ին, 1978-ին եւ մինչեւ իսկ 1982-ին Հըզպալլա չկար, Հըզպալլան «բռնագրաւումին պատճառով ծնած Դիմադրութիւն է»:

Պասիլ, սակայն, նշեց, որ Հըզպալլա Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմի իր արարքներէն ետք, այսօր Լիբանանի պաշտպանութեան դիրքի վրայ չէ, այլ լիբանանեան ծիրէն դուրս հարցերու կը միջամտէ, «ուստի պատասխանատուութիւն կը կրէ, սակայն բնական ընթացքը այն է, որ Իսրայէլն է միշտ յարձակողը Պաղեստինի, արաբական երկիրներու եւ Լիբանանի վրայ, որ իւրաքանչիւր պատերազմի բեռը կը կրէ»:

Ան աւելցուց, որ որեւէ բռնագրաւում դիմադրելու օրինականութիւնը միջազգային օրէնքով ամրագրուած է, «սակայն Հըզպալլան դիմադրութեան օրինականութիւնը կորսնցուց, ժողովրդային օրինականութեան մէկ մասը կորսնցուց եւ դադրեցաւ պաշտանողական դիրքի վրայ ըլլալէ, այլ Լիբանանի հողէն պաղեստինեան դատին զինուորապէս թիկունք կանգնելու եւ իրանեան պատերազմին թիկունք կանգնելու դիրքի վրայ կը գտնուի»:

«Լիբանան Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու կը դիմէ, առանց որեւէ երաշխիքներ կամ նոյնիսկ խոստում ստանալու», ըսաւ երեսփոխանը:

«Կարելի չէ բանակցիլ առանց Հըզպալլայի հետ փոխըմբռնման կամ առնուազն նուազագոյն փոխըմբռնման լիբանանեան փաստաթուղթի մը շուրջ, որ առնուազն պատերազմի դադրեցում, հեռացում եւ լիբանանցի տեղահանուածներու վերադարձ կ՛ապահովէ», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով. «Հըզպալլան չընդունելու իրաւունք չունի.

Leave a Comment