Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ֆրանսական «Մետիա Փարթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ պատերազմը բարեբախտաբար նախկին պատերազմը չէ: Այլեւս քաղաքացիական պատերազմ չէ, ինչպէս, որ էր 1975 եւ 1991 թուականներուն: Իսկ եթէ շրջանին մասին խօսինք, ապա գոյութիւն ունի մեծ ծրագիր մը, որուն նպատակը «Սայքս-Փիքօ» համաձայնութեան հիմամբ ստեղծուած Միջին Արեւելքի կազմաքանդումն է»:
Անդրադառնալով Հըզպալլան անմիջապէս զինաթափելու ամերիկեան եւ իսրայէլեան պահանջներուն` Ժոմպլաթ ըսաւ. «Պէտք է Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարել, որովհետեւ ան Լիբանանէն օտար մարմին մը չէ: Այսօր խնդիրը այն է, որ կուսակցութեան մէջ որո՞ւ հետ երկխօսութիւն կատարենք: Նասրալլայի օրերուն կարելի էր անոր հետ երկխօսութիւն կատարել, որովհետեւ Լիբանանը իր ձեւով կը հասկնար եւ ժողովրդային մեծ զանգուած մըն ունէր: Իսկ այսօր չենք գիտեր, թէ ո՛վ իրողապէս կուսակցութիւնը կը ղեկավարէ: Նայիմ Քասեմը պարզապէս բանբեր է, եւ ոչ թէ որոշումի տէր»:
«Թոյլ տուէք յստակ ըլլալ` Հըզպալլայի բռնի ուժով զինաթափումը, ինչպէս ամերիկացիները կը պահանջեն, զինուորական եւ լիբանանեան գետնի վրայ անկարելի է, որովհետեւ լիբանանեան բանակը կազմուած է լիբանանցիներէ` շիիներէ, սիւննիներէ, տիւրզիներէ եւ ուրիշներէ, զայն կարելի չէ շիիական գիւղերուն դէմ կռուելու մղել», նշեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավարը:
Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ինք կը զօրակցի Իսրայէլի հետ բանակցութեան, ատիկա ուղղակի ըլլայ կամ անուղղակի, սակայն որոշ պայմաններով` վերադարձ 1949-ի զինադադարի գիծին, փոխադարձ հսկողութեան մեքանիզմով եւ միջազգային ուժով մը, որուն կրնան ֆրանսացիներն ու իտալացիները մաս կազմել: