Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը անուղղակի բանակցութիւններն են` նախ եւ առաջ զինադադարի իսկական համաձայնութեան հասնելու համար»:
«Ներկայիս զինադադար գոյութիւն ունի՞» հարց տուաւ ան` նշելով, որ Իսրայէլ նոյեմբեր 2024-էն ի վեր զինադադարը չի յարգեր:
Պըրրի նշեց, որ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութեան ներկայ փուլէն մեծ բան չի սպասեր: «Իմ մօտս լաւատեսութիւնն ու յոռետեսութիւնը միախառնուած են… ուղղակի բանակցութիւններուն հետ չեմ, սակայն հիմա պիտի չխօսիմ. երբ աւարտի, այն ատեն պիտի խօսիմ», յայտնեց խորհրդարանի նախագահը:
Պըրրի շեշտեց, որ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է «սէուտական-իրանեան-ամերիկեան ծածկոյթ» վայելէ: