Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Առաջին Եւ Երկրորդ Փուլը Աւարտեցան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու հինգշաբթի օրուան առաջին փուլը արդիւնաւէտ եւ դրական քննարկումներով լեցուն էր:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նշեց. «Անհամբեր կը սպասեմ ուրբաթ օր անոնց շարունակման, եւ կը յուսամ, որ այդ ատեն յայտարարելու աւելի բան կ՛ունենանք»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը Հըզպալլայի զինաթափման դիմաց իսրայէլեան բանակի լիբանանեան հողերէն հեռացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը «կուսակցութիւնը զինաթափելու ծրագիր մը պատրաստեց, եւ կը սպասուի, որ Իսրայէլէն ու Լիբանանէն պատուիրակութիւններ ուրբաթ օր հաւաքուին` շարունակելու համար խաղաղութեան Միացեալ Նահանգներու հովանաւորած բանակցութիւնները»:

Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը:

«Հատաս» երէկ հաղորդեց. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները այսօր պիտի կեդրոնանան զինադադարի ամրապնդման վրայ»:

 

Leave a Comment