Կրթութեան նախարար Ռիմա Քարամէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Պետական քննութիւններուն վերաբերեալ որեւէ որոշում պէտք է մեկնի աշակերտներու իսկական կացութիւնը հասկնալէն: Այդ որոշումը պետական վկայականը պահպանելու պատասխանատուութիւն կը կրէ, եւ մենք չենք կրնար դիմել ամբողջական ջնջման, որ այդ վկայականի արժէքին վրայ կ՛ազդէ»:
«Որոշուեցաւ պաքալորէայի քննութեան համար երեք փուլեր որդեգրել, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ իրաւունք պիտի ունենայ երկու իրերայաջորդ փուլի մասնակցելու», նշեց նախարարը:
Կրթութեան նախարարը նաեւ պրէօվէի այս տարուան քննութեան ջնջումը յայտարարեց: