Իրանի Պատերազմէն Ետք Գտնելու Կոչ Ուղղելով. Փեքին Ուաշինկթընի Հետ Առեւտրական Եւ Ճարտարարուեստի Ոլորտներուն Մէջ «Կարեւոր» Համաձայնութիւններու Ստորագրումը Յայտարարեց

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Քու Ճիա Քուն յայտնեց. «Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական եւ առեւտուրի յարաբերութիւնները երկու կողմերուն համար ալ օգտակար են»:

«Չինական եւ ամերիկեան կողմերը առեւտրական ու ճարտարապետական ոլորտներուն մէջ կարեւոր համաձայնութիւններ գոյացուցին», յայտարարեց ան:

«Պատրաստ ենք բոլոր կողմերուն հետ գործակցելու` երաշխաւորելու համար համաշխարհային ուժանիւթի անվտանգութիւնն ու մատակարարման շղթայի կայունութիւնը», ըսաւ ան:

«Կարեւոր հարցը Ծոցի շրջանին եւ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան երաշխաւորումն է», շեշտեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ան ըսաւ, որ Իրանի դէմ պատերազմը «շրջանին մէջ աղէտներու պատճառ դարձաւ եւ վտանգաւոր հետեւանքներ ունի»:

«Պէտք է Իրանի դէմ պատերազմին շատ շուտով ելք մը գտնել, եւ պէտք չէ պատերազմին վերջ տուող եւ Հորմուզի նեղուցը վերաբացող բանակցութիւններուն հասնելու առիթը կորսնցնել», յայտնեց ան` շեշտելով. «Երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնը պատերազմին վերջ տալու յարմարագոյն ուղին են»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ իր երկօրեայ այցելութիւնը աւարտելով մեկնեցաւ Չինաստանէն:

Ան Փեքին այցելելով ամերիկեան յառաջատար ընկերութիւններու, ներառեալ «Թեսլա»-ի եւ «Ափըլ»-ի ղեկավարներուն ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ, որ խոստացաւ ընդլայնել հասանելիութեան ծիրը` աւելցնելով, որ Չինաստան իր դռները լայն պիտի բանայ այդ ընկերութիւններուն դիմաց, որոնք երկրին մէջ աւելի լայն կարելիութիւններ պիտի ունենան:

Միւս կողմէ, «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» օրաթերթը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Չինաստան միօրեայ այցելութիւնը կը նախատեսուի 20 մայիսին:

Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Փութին կը յուսայ Ճինփինկի հետ Թրամփի Չինաստան այցելութիւնը քննարկել»:

 

 

Leave a Comment