Քառնի. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Քանատայի Յարաբերութիւնները Վերածուեցան Տկարութեան Կէտի, Երբ Նախապէս Ուժի Աղբիւր Էին»

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յայտարարեց, թէ կար ժամանակ, երբ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Քանատայի յարաբերութիւնները ուժի աղբիւր էին, սակայն այսօր անոնք տկարութեան փխրուն կէտ են:

Քառնի քանատացիներուն յղած իր պատկերասփռուած ուղերձին մէջ գովաբանեց զինուորական ղեկավարները, որոնք աւելի քան երկու դար առաջ դէմ դրած են ամերիկեան ներխուժման:

Քանատայի վարչապետը կանգնեցուց արձանը զօր. Այզիք Պրուքի` բրիտանացի հրամանատարին, որ սպաննուեցաւ, երբ 1812 թուականի պատերազմի ընթացքին Քանատան կը պաշտպանէր ամերիկեան ներխուժումէն:

«Քանատան իր ամերիկացի դրացիներէն եկող խառնաշփոթութեան վրայ չի կրնար վերահսկել, եւ չի կրնար իր ապագան կապել այն յոյսին, թէ այդ խառնաշփոթութիւնը կրնայ յանկարծ դադրիլ», նշեց ան:

«Այսօր կացութիւնը արտասովոր կը թուի, սակայն այսպիսի սպառնալիքներ նախապէս ալ դիմագրաւած ենք», աւելցուց Քանատայի վարչապետը:

Leave a Comment