«Գալուստ Կիլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ` «Սփիւռքեան հեռանկարներ վերլուծական կեդրոն»
«Ազդակ»-ի 87-րդ առցանց լսարանը` «Սփիւռքեան հեռանկարներ. վերլուծական հարթակ» խորագիրով, տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 15 մայիս 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով 19:00-ին: Դասախօսներն էին դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ դոկտ. Վիգէն Չթըրեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ, «Սփիւռքեան հեռանկարներ. վերլուծական կեդրոն»-ի ծննդոցի պատճառներուն, առաջադրանքներուն եւ նպատակներուն մասին զեկուցաբերները մանրամասն տեղեկութիւններ տուին յատկապէս կեդրոնի անհրաժեշտութեան վերաբերող իրենց մտածումները ներկայացնելով լսարանի 58 մասնակիցներուն: Ուշագրաւը այն էր, որ յայտարարուեցաւ, թէ այս լսարանին ընթացքին հնչող առաջարկները նկատի պիտի առնուին այս կեդրոնի աշխատանքներու յառաջիկայ ծրագրաւորումներուն եւ թեմաներու ընտրութիւններուն մէջ:
«Հայկական սփիւռքի հետազօտութեան» շրջանակներուն մէջ կատարուած 13.000 հոգիի մասնակցութեամբ կայացած հարցախոյզի աշխատանքներուն քանի մը յղում կատարուեցաւ թէ՛ դասախօսութեան եւ թէ՛ լսարանականներու կատարած դիտարկումներուն ընթացքին` իբրեւ կարեւոր ելակէտ հետագայ ռազմավարական բնոյթի գիտական թղթածրարներու մասնակցութեան:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան հաստատեց, որ սփիւռքի հեռանկարները մեր հաւաքական մտապատկերին վրայ վերադարձնելը այս աշխատանքին հիմնական նպատակն է:
Դասախօսութեան աւարտին կայացաւ շատ աշխուժ մասնակցութիւն լսարանականներուն կողմէ` յարափոփոխ սփիւռքի, կրթական ոլորտին, հայաստանեան իրադարձութիւնները արտաքին հայեացքներուն, այս շրջանակներուն մէջ իրականացուող հրատարակութիւններուն եւ գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններու եզրակացութիւններուն կիրարկելիութեան հնարաւորութիւններուն մասին:
Հետաքրքրական եւ օգտաշատ առցանց քննարկում մը, որուն ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=P3bu-v4zeUQ&t=1062s&t=1062s