«Պահանջատէր` մինչեւ արդար հատուցում» խորագիրով, նախաձեռնութեամբ ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում` աւելի քան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին:
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն մամիկներն ու պապիկները արդէն իսկ սկսած էին պատրաստուիլ: Նախաճաշէն անմիջապէս ետք անոնք հանդարտօրէն սկսան համախմբուիլ սպասման վայրը. զիրար ողջունելով` սկսան զրուցել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին մասին: Ապա եռագոյն դրօշները ի ձեռին, «Պայքար` մինչեւ յաղթանակ» բացագանչելով ուղղուեցան հոն, ուր զետեղուած էր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խորհրդանշական յուշակոթողը:
Որքան ազդեցիկ էր տեսնել անոնց եռանդն ու հայրենասիրական ոգին, որ կը բացայայտէր անոնց երակներուն մէջ հայու արեան կանչը: Կարծէք թէ վերջին հասնողներն ըլլային Տէր Զօրի անապատներու արհաւիրքէն:
Ցեղասպանութեան նուիրուած յայտագիրը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, զոր երգեցին մամիկներն ու պապիկները:
Ոգեկոչման բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Հարպոյեան: Ամէն բանէ առաջ փառք տուաւ Բարձրեալն Աստուծոյ, ապա ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մամիկներուն ու պապիկներուն, որոնք տակաւին կ՛ապրին իրենց անցեալի յուշերով, աւելցնելով. «Դուք ապրեցաք տքնաջան օրեր եւ կարողացաք տոկալ բոլոր դժուարութիւններուն»:
Ան դիտել տուաւ, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն` Հայոց ցեղասպանութենէն, արդէն իսկ անցած են 111 տարիներ, սակայն անիկա տակաւին կ՛ոգեկոչուի Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի վրայ ամէն տեղ, ուր հայ կայ:
Հարպոյեան նշեց, որ մամիկներուն ու պապիկներուն յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են` բարբարոս թուրքին կատարած անմարդկային ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդին անցած դարերու տառապանքն ու Գողգոթայի ճանապարհը: «Դուք ձեր խիղճը խեղդեցիք եւ զայն վերածեցիք վրէժի ու պայքարի», հաստատեց ան:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով պատսպարեալներէն Ֆրանսիքա Աշգարեան մեներգեց ազգագրական երգերէն «Կոտորածն անգութ», «Ո՞ւր է մայրիկ իմին հայրիկը», «Կռունկ, ուսկից կու գաս» եւ «Անգին եղբայր», ապա իրենց մասնակցութիւնը ունեցան Արփինէ Գազեզեան եւ Գաբրիէլ Քարտաշեան: Ապա խօսք առաւ Հրանդ Մաքտէսեանը, որ բարձր գնահատելով` արժեւորեց հայուն հայ մնալու կարեւորութիւնը եւ թելադրեց հեռու մնալ թրքաբարոյ երգերէն եւ թրքերէն խօսակցութիւններէն` մեր կեանքին մէջ:
Ապա Վաչէ Եոզկաթեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղելով նոր սերունդին` ըսաւ. «Հայ դատին նկատմամբ մնացէք պահանջատէր` մինչեւ արդար հատուցում»: Ապա Մակի Գէորգեան արտասանեց Դանիէլ Վարուժանին «Դերենիկը»:
Ի վերջոյ, Մայտա Անտոնեան կատարեց փակման խօսքը. ան արժեւորեց ՔԱՀԼ-ին տարած երկար տարիներու ծառայութիւնն ու ժրաջան աշխատանքը` ապահովելով պատսպարեալներուն կարիքներն ու խնամելով զանոնք, վառ պահելով անոնց ընտանեկան թէ ընկերային տրամադրութիւնը:
Ապա ան ըսաւ. «Դուք մեր արժէքաւոր մասնիկներն էք եւ կենդանի լոզունգները, որ անդադար կը հնչեցնէք մեր մտքին ու խղճին: Անտոնեան նշեց, որ ՔԱՀԼ-ը այն տապանն է, որ դարեր առաջ կանգ առաւ Արարատ լերան գագաթը. այսօր ՔԱՀԼ-ին նաւարկութիւնը կը պարտի պատուարժան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանին, անոր աչալուրջ հսկողութեան եւ տնօրինութեան, մաղթելով անոր առողջութիւն եւ համբերութիւն: Բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ պատսպարեալներն ու պաշտօնէութիւնը խունկ վառեցին յուշակոթողին դիմաց:

