«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպի Վերադարձաւ Եւ Փայլեցաւ

Վիքթոր Ուեմպանեամա («Ուեմպի») իր ասպարէզի առաջին վտարումը մոռացութեան մատնեց, երբ փայլուն ելոյթ մը ունեցաւ 27 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգելէ ետք, օգնելով Սան Անթոնիօ Սփըրզի, որ յաղթէ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին` 126-97 արդիւնքով:

Ուիմպի 5 էսիսթ եւ 3 պլոք ալ կատարեց մրցումի մը, որ եղաւ 3-րդ յաղթանակը` 5-րդ ճակատումին, Այժմ յաղթանակ մը եւս եւ Սփըրզ կը հասնի Արեւմտեան շրջանի աւարտական, ուր պիտի մրցի անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին դէմ:

22 տարեկան Ուիմպանեամա 3-րդ ամէնէն երիտասարդ մարզիկն է, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումներու պատմութեան մէջ այս ձեւի թիւեր ձեռք կը բերէ: Նախապէս Մեճիք Ճոնսըն (20 տարեկան) եւ Լուքա Տոնչիչ (21 տարեկան) միայն յաջողած են այսքան փայլիլ փլէյ օֆին:

Քելտըն Ճոնսըն 21 կէտ աւելցուց, Տը՛Արոն Ֆոքս (18 կէտ) եւ Սթեֆըն Քեսըլ (17 կէտ) իրենց կարգին լաւ խմբային խաղ ունեցան:

Մինեսոթայի աստղը` Անթոնի Էտուըրտծ, որ առաջին կիսախաղին 8 կէտեր նշանակեց, միայն 20 կէտով աւարտեց մրցումը, մինչ Ճուլիըս Ռենտըլ եւ Ճէյտըն Մըքտենիըլզ 17-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, որ պէտք է յաղթէ մնացեալ 2 ճակատումներուն:

Այսօր առաւօտեան ժամերուն Տիթրոյիթ Փիսթընզ իր 5-րդ ճակատումին պիտի հիւրընկալէ Քլիվլենտը Քեվելիրզը, որ 2-0 ետ մնալէ ետք կրցած էր իր դաշտին վրայ 2 յաջորդական մրցումներ շահիլ:

 

 

Leave a Comment