Մարի – Լուիզ Էթա Իր Առաջին Յաղթանակը Արձանագրեց

Ունիոն Պերլինի մարզիչ Մարի-Լուիզ Էթա եղաւ առաջին աղջիկ մարզիչը, որ մրցում մը յաղթէ Եւրոպայի լաւագոյն 5 լիկաներու տղոց ախոյեանութիւններուն գծով, երբ իր մարզած խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Մայնցին, գերմանական «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան:

Էթա իր մարզիկներուն հետ յաղթանակը տօնեց մրցումի աւարտին` արձանագրելէ ետք իր առաջին յաղթանակը իր 4-րդ մրցումին:

Էթա, որ 5 մրցումներու համար Ունիոն Պերլինի ժամանակաւոր մարզիչ նշանակուած էր, ըսաւ. «Ուրախ կ՛ըլլաս, քանի կ՛ուզես մրցումներ յաղթել: Պարագան միշտ այդպէս եղած է, եւ այսօր այդ մէկը եղաւ: Շատ լաւ ձեւով կրցանք կառավարել եւ 3 կէտերը շահիլ»:

Ուշ նշանակուած կոլեր Օլիվըր Պուրքի (88-րդ վայրկեան) եւ Եոսիփ Եուրանովիչի միջոցով (91-րդ վայրկեանին) յաղթանակը նուիրեցին Պերլինի ակումբին, որ 12-րդ դիրքը բարձրացաւ` ապահովելով մնալ «Պունտըսլիկա»-ին մէջ: Ան նախապէս հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւններ արձանագրած էր:

Մինչ Էթա փորձառութիւն ունէր երիտասարդներու խումբին հետ եւ իբրեւ օգնական մարզիչ նախապէս յայտնած էր, թէ ընկերային ազդեցութիւն կար պատմական մարզիչի իր այս պաշտօնին համար եւ պէտք էր արդիւնք ձեռք բերել կարճ ժամանակի մէջ:

«Ինքզինք փաստելու հարց չէր: Պարզապէս գործը լիուլի կատարել, ձեռք ձգել կարեւոր կէտեր, յաղթել մրցումներ, բան մը, որուն վրայ աշխատեցանք ամէն օր: Շատ ճիգ թափեցինք այս բոլորին վրայ, այսօր լաւ մրցում ունեցանք եւ շատ լաւ զգացում էր 3 կէտեր շահիլը անշուշտ բարձր մակարդակի ֆութպոլով, որ կարծեմ ինծի համար ալ շատ կարեւոր էր», ըսաւ ան:

Էթայի պաշտօնավարման ժամանակը կ՛աւարտի այս շաբաթավերջին, երբ Ունիոն Պերլին կը հիւրընկալէ Աուկզպուրկը տարեշրջանի վերջին մրցումին: Ան արդէն իսկ համաձայնած է մարզիչ Ունիոնի աղջկանց խումբը յառաջիկայ տարեշրջանին:

Մայնցի մարզիչն է Ունիոնի նախկին մարզիչ Ուրս Ֆիշեր, որ գրաւեց 10-րդ դիրքը:

Նշենք, որ «Պունտըսլիկա»-ի վերջին (34-րդ) հանգրուանի մրցումներուն պիտի վճռուին Բ. դասակարգ իջնող խումբերը, 3 խումբեր նոյն կէտերը ունին: Հայտընհայմ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քէօլնը` բարձրանալով 17-րդ դիրք, նոյնքան կէտեր ունենալով Վոլֆսպուրկի (16-րդ) եւ Զանքթ Փաուլիի (18-րդ) հետ:

17-րդ եւ 18-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛իջնեն Բ. դասակարգ, մինչ 16-րդ դիրքը գրաւող խումբը փլէյ-օֆի մրցում կը խաղայ Բ. դասակարգի 3-րդ դիրքը գրաւող խումբին հետ:

Վոլֆսպուրկ եւ Զանքթ Փաուլի իրար դէմ պիտի մրցին, մինչ Հայտընհայմ պիտի հիւրընկալէ Մայնցը:

Հայտընհայմի մարզիչ Ֆրանք Շմիտ 19 տարիէ կը մարզէ խումբը եւ խումբին հետ կրցած է 4-րդ դասակարգէն բարձրանալ մինչեւ առաջին դասակարգ եւ մինչեւ իսկ Եւրոպայի «Քոնֆերենս լիկ»-ին ալ կրցած էր մասնակցիլ անցեալ եղանակին: Ան տակաւին աւելի ցած դասակարգ իջնելու «փորձառութիւն» չունի:

Նշենք, որ «Պունտըսլիկա»-ի առաջին դասակարգ կը վերադառնայ Շալքէ 04 ակումբը, որ 2023-ին ինկած էր Բ. դասակարգ: Շալքէ Գերմանիոյ պատմութեան լաւագոյն խումբերէն մէկն է եւ շահած 1997-ի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը, ինչպէս նաեւ «Ինթերթոթօ» բաժակը 2003-ին եւ 2004-ին:

Leave a Comment