Փերեսի Մամլոյ Ասուլիսը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես անակնկալ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ երեքշաբթի գիշեր, ուր բաւական խիստ արտայայտութիւններ ունեցաւ Ռէալ Մատրիտ ակումբի դէմ վերջին «արշաւ»-ին գծով:

«Պիտի չհրաժարիմ եւ կ՛ուզեմ նոր ընտրութիւններ կատարել: Ես 26 տարիներէ ի վեր հոս եմ, եւ ասիկա շատ լաւ ժամանակ մըն էր ակումբին համար: Կ՛ուզեմ վերջ դնել Ռէալ Մատրիտի դէմ արշաւին: Ով որ պատրաստ է իմ դէմս պայքար մղելու, պէտք է պարզապէս բացայայտէ, թէ ինչ պիտի ընէ եւ ինչպէ՛ս նիւթական ձեւով պիտի աջակցի: Կ՛ուզեն ցոյց տալ, թէ Ռէալ Մատրիտ ակումբը հարցեր ստեղծողն է, բայց Ռէալ Մատրիտը աշխարհի ամէնէն մեծ ակումբն է: Ես միայն 7 անգամ շահեցայ «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ 7 անգամ «Լա լիկա»-ն, երբ կրնայի 14 անգամ շահիլ, որովհետեւ մնացեալները մեզմէ «գողցուեցան»»:

Ան կը մատնանշէր Պարսելոնան, որ իբրեւ թէ կաշառած էր իրաւարարներու կոմիտէի նախկին նախագահ Խոսէ Մարիա Էնրիքես Նեկրէյրան`  վճարելով 7 միլիոն եւրօ քանի տարիներու ընթացքին:

Ան յայտնեց նաեւ, որ ինք եւ իր գործակիցները 500 էջնոց գրքոյկ մը պատրաստած են եւ պիտի ղրկեն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին` փաստելով սպանացի իրաւարարներուն փտածութիւնը:

 

Leave a Comment