Թենիս. Ալեքսանտրա Քորնէեւա` Հայաստանի Նոր Աստղը

Հայկական թենիսը միջազգային ասպարէզին մէջ աստիճանաբար նոր անուն կը ստանայ: Ալեքսանտրա (Սաշա) Քորնէեւա ընդամէնը 17 տարեկան է, սակայն վերջին երկու տարիներուն ան արդէն հասած է դառնալու Հայաստանի կրկնակի ախոյեան 2023-ին եւ 2024-ին` ամրապնդուելով երկրի ամէնէն փայլուն ապագայ խոստացող մարզիկներէն մէկուն կարգավիճակով եւ բարձրանալով «Այ. Թի. Էֆ.»-ի պատանեկան համաշխարհային դասաւորման մէջ:

2025-ի օգոստոսէն ի վեր Ալեքսանտրա Քորնէեւա կ՛ապրի եւ կը մարզուի Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգին մէջ, շրջան մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը նկատուի թենիսի համաշխարհային կեդրոններէն մէկը:

Այնտեղ կը գտնուին լաւագոյն ակադեմիաները, մարզիչները, ֆիզիքական պատրաստութեան մասնագէտները եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած մեծ թիւով արհեստավարժ մարզիկներ: Նման միջավայրը Սաշայի ասպարէզին համար դարձաւ շատ կարեւոր փուլ:

Այսօր Սաշայի շուրջ` գլխաւոր մարզիչ Սանթիակօ Հաասի ղեկավարութեամբ, կ՛աշխատին լիարժէք արհեստավարժ խմբակ մը, թենիսի մարզիչներ, յատուկ ֆիզիքական պատրաստութեան մասնագէտներ եւ «Ֆիզիոթերափիստ»-ներ: Համակարգուած աշխատանքի արդիւնքը շատ արագ նկատելի դարձաւ: Ընդամէնը ութ ամսուան ընթացքին Ալեքսանտրա Քորնէեվա «Այ. Թի. Էֆ.»-ի պատանեկան համաշխարհային դասաւորման մէջ մօտ 1300-րդ դիրքէն բարձրացաւ մինչեւ աշխարհի լաւագոյն 400 պատանիներու շարքին:

2025-2026 տարեշրջանը հայ թենիսվումընին համար իսկական փայլուն փուլ դարձաւ:

Առաջին փայլուն արդիւնքներէն մէկը Քոսթա Ռիքայի մէջ տեղի ունեցած «Ճէյ.30» մրցաշարքին տարուած յաղթանակն էր, ուրկէ Ալեքսանտրա վերադարձաւ ախոյեանի բաժակով: Անոր յաջորդեց յաջող ելոյթ մը եւս Ժամայքայի մէջ, ուր ան յաղթեց «Ճէյ.30» մրցաշարքերուն ինչպէս անհատական, այնպէս ալ զոյգերու խաղերուն:

Լիմայի (Փերու) մէջ տեղի ունեցած «Ճէյ.60» մրցաշարքին Ալեքսանտրա հասաւ անհատական մրցումներու աւարտական` դառնալով փոխախոյեան: Շաբաթ մը ետք, ան կրկին աւարտական մրցումին մասնակցեցաւ «Ճէյ.100 Լիմա» մրցաշարքին եւ անգամ մը եւս փոխախոյեան:

Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի է նաեւ այն, որ որքան անսովոր է Ալեքսանտրայի ելոյթներու աշխարհագրութիւնը Հայաստանի անունով հանդէս եկող մարզիկին համար: Հարաւային եւ կեդրոնական Ամերիկաները բաւական հազուադէպ ուղղութիւն են կովկասեան շրջանի թենիսի աստղերուն համար, այդ պատճառով ալ Հայաստանի դրօշը Փերուի, Տոմինիքեան հանրապետութեան, Քոսթա Ռիքայի կամ Ժամայքայի մրցաշարքերուն անկեղծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է տեղացի հանդիսատեսներու շրջանակներուն մէջ:

Ալեքսանտրայի համար ասիկա նաեւ կարելիութիւն ընձեռած է պատմելու այն երկրին մասին, զոր ինք կը ներկայացնէ: Բացի թենիսէն, Սաշա լրջօրէն հետաքրքրուած է քաղաքականութեամբ եւ միջազգային յարաբերութիւններով, ուստի լրջօրէն նման մրցաշարքերուն մասնակցութիւնը իրեն համար յաճախ կը վերածուի օրինակի մը` մշակութային դիւանագիտութեան: Սաշայի շրջապատին համաձայն, ան պարբերաբար ստիպուած կ՛ըլլայ պատախանելու հարցումներու, թէ ո՛ւր կը գտնուի Հայաստանը, պատմելու երկրին պատմութեան մասին եւ արդէն ժպիտով յիշեցնելու, որ հայերը իրենց ներդրումը ունեցած են աշխարհի բազմաթիւ կարեւոր գիւտերու եւ մշակութային ձեռքբերումներու մէջ:

2026-ի ապրիլին Ալեքսանտրա պայմանագիր ստորագրեց «Ուիլսըն»-ի հետ, որ կը նկատուի թենիսի ամէնէն յայտնի վաճառանիշներէն մէկը: Այս մէկը կարեւոր հաստատում դարձաւ, որ անոր յառաջդիմութիւնը կը նկատեն ոչ միայն մարզիչներն ու մասնագէտները, այլեւ համաշխարհային թենիսի արդիւնաբերութեան յայտնի մարզիկները:

Այժմ Ալեքսանտրա Քորնէեւա կը շարունակէ տարեշրջանը Ֆլորիտայի մէջ` իր զօրաւոր մարզումները համատեղելով միջազգային մրցաշարքերու օրացոյցին հետ:

Թէեւ տակաւին շատ երկար ճանապարհ կայ, սակայն այժմէն իսկ ակնյայտ է, որ հայկական դրօշը միջազգային թենիսի մրցաշարքերուն աւարտական փուլերուն աւելի եւ աւելի յաճախ պիտի յայտնուի երիտասարդ մարզիկներու նոր ալիքի շնորհիւ, որուն վառ ներկայացուցիչներէն մէկն է Ալեքսանտրա Քորնէեւա:

Leave a Comment